Ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն նախանցեալ գիշեր սպրդած կարճ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին «պալթաճի» կոչած էր, պատճառ դարձաւ, որ երկրին մէջ կացութիւնը բռնկի:
Նշենք, որ երէկ կէսօրին սպրդեցաւ նաեւ Պասիլի վերաբերող արձանագրութիւն մը, որուն մէջ ան նշեց, թէ` «Պըրրիի հետ հարցին լուծումը կ՛ըլլայ անոր գլուխը կտրելով եւ ոչ թէ իր կողմէ մեր գլուխը կտրելով»:
Պըրրիի մօտիկ շրջանակներ դատապարտեցին Պասիլի կատարած յայտարարութիւնը` շեշտելով, որ անկարելի է Պըրրիի հասցէին նման արտայայտութիւն ընդունիլ:
Յետմիջօրէին Ամալ շարժումի եւ Պըրրիի հետեւորդ երիտասարդներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Մար Էլիաս-Մսայթպէ փողոցը, ինչպէս նաեւ Պշարա Խուրի, Սելիմ Սլամ եւ Շաթիլա-Թայյունէ շրջաններուն ճամբաները` բողոքելու համար Պըրրիի հասցէին նախարար Պասիլի կատարած յայտարարութիւններուն դէմ: Որոշ շրջաններու մէջ, կարգ մը երիտասարդներ վերացուցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Պասիլի լուսանկարները կրող որմազդները:
Երեկոյեան Ամալ շարժումի հետեւորդները Պէյրութի Մար Էլիաս շրջանին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գրասենեակները հրկիզեցին` փակելով ճամբաները:
Աւելի ուշ, Միրնա Շալուհիի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնը կրակոցի ենթարկուեցաւ եւ շրջափակուեցաւ Ամալ շարժումի հետեւորդներուն կողմէ, որոնք նոյն կեդրոնին դիմաց անիւներ հրկիզեցին:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղիին անվտանգութեան հսկող տարրերը իրենց կարգին հակադարձեցին օդը կրակելով:
Անմիջապէս դէպքին վայրը հասաւ բանակի զօրամաս մը եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առաւ, սակայն ամալականները մերժեցին լքել փողոցը` պահանջելով Պասիլի հրաժարականը: Իսկ Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ իր հետեւորդները Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին դէմ կրակ բացած են:
Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ ուղղուեցաւ Միրնա Շալուհի, ուր ան ստուգեց տիրող կացութիւնն ու որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պատասխանատուներէն իմանալով պատահարին մանրամասնութիւնները: Երեկոյեան ժամը 9:00-ի մօտ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոն այցելեց նաեւ կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ հանդիպում ունեցաւ կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ:
Այս իրադարձութեանց լոյսին տակ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ Հըզպալլայի հանրային կապերու ու համակարգումի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ:
Ամալ շարժումի հետեւորդներ Քոլայի կամուրջին տակ աղբեր հրկիզելով ճամբան փակեցին, ինչպէս նաեւ հրկիզուած անիւներով որոշ ժամանակ մը փակեցին Զահլէ-Թաալպայա ճամբան:
Արձանագրուած ապահովական խախտումներուն մասին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ տխուր է այն իրականութիւնը, որ երկրին մէջ քաղաքական յայտարարութիւններուն մակարդակը իջնէ եւ հասնի հոն, որ անոնք պատճառ դառնան փողոցի բռնկումին:
Հարիրի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի արժանապատուութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնն է եւ զանոնք վարկաբեկել կը նշանակէ մեր բոլոր հաստատութիւններն ու համայնքները վարկաբեկել: «Վարկաբեկելու այս ոճը մերժելի է ու դատապարտելի եւ պէտք է անոր վերջ տալ», շեշտեց Հարիրի:
Հարիրի կոչ ուղղեց բոլոր հեղինակութիւններուն շրջանցելու երկիրը հարուածած այս փոթորիկը եւ ըմբռնելու անոր ունենալիք հետեւանքները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները շատ աւելի վտանգաւոր են, քան` ցեխարձակումները:
«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ վստահ եմ, որ հանրապետութեան ու խորհրդարանի նախագահները իմաստուն են եւ կրնան երկիրը վտանգներէ փրկել», նշեց վարչապետ Հարիրի:
Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, որ Պասիլի յայտարարութիւնը որակեց անվայել եւ ներքին քաղաքական յարաբերութիւններուն անյարիր, նոյնիսկ եթէ քաղաքական երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ` դատապարտելով Պասիլի ունեցած արտայայտութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ շեշտեց, թէ Պասիլ պէտք է ներում հայցէ իր ունեցած արտայայտութեան համար` ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս շեշտեց, որ Պըրրիի դէմ Պասիլի կատարած յայտարարութենէն ետք այլեւս նախաձեռնութիւններու կարելիութիւն չկայ, եւ ան պէտք է ներում հայցէ իր ունեցած արտայայտութեան համար:
Դատապարտումի Ալիք
Շիիներու գերագոյն խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Պըրրիի դէմ նախարար Պասիլի կատարած յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ Պըրրի միշտ յանձնառու կը մնայ ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն, երկրին կայունութեան եւ համերաշխութեան երաշխաւորումին:
«Նման յայտարարութիւններ երկրին մէջ սադրանքներ կը նախապատրաստեն, իսկ ներկայ իշխանութիւնը պատասխանատու է ստեղծուած այս կացութիւնը սրբագրելու` Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր փուլին ընթացքին», ըսաւ ան:
Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Պասիլի կատարած յայտարարութիւնները վտանգաւոր են եւ կը սպառնան լիբանանեան միասնականութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան:
Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Պըրրիի դէմ կատարուած յայտարարութիւնը խիստ մերժելի է, որուն կողմէ որ յայտարարուած ըլլայ ան:
«Կտրականապէս կը մերժենք Պըրրիի դէմ ուղղուած այս արտայայտութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ լուծելու հարցը եւ կայունացնելու երկրին կացութիւնը», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ղովմի կուսակցութիւնը դատապարտեց Պասիլի կատարած յայտարարութիւնները` հաստատելով, որ Պըրրի ազգային խորհրդանիշ է:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, անդրադառնալով Պասիլի կատարած յայտարարութեան, նշեց, որ կարմիր գիծերը խախտած են եւ փուլ եկած` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են «ճակատումի»:
Խալիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւս կողմ է այս լարուածութեան: Ան պէտք է լաւ իմանայ, որ իր սիրելի փեսան անկիրթ է, եւ անոր քաղաքական ճառերը անմակարդակ են:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Պըրրիի մասին Պասիլի արտայայտութիւնը դիտմամբ կատարուած է եւ անիկա կը փաստէ Պասիլի քաղաքական գործելաոճը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ իրենք նման նուաստացուցիչ խօսքերու եւ արտայայտութիւններու չեն հանդիպած` աւելցնելով, որ Պասիլի յայտարարութիւնները խիստ մերժելի են:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս Պասիլը նկատեց անկիրթ երեխայ մը, որ դաստիարակութեան կարիք ունի: «Պըրրիի դէմ նման արտայայտութիւն ունեցողը պարզապէս գաճաճ մըն է», ըսաւ Խրէյս:
Նախկին նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ Պաթրունի մէջ ընտրական հանդիպումի մը ընթացքին Պասիլի կատարած յայտարարութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ խիստ լարուածութեամբ, որ իր կարգին կրնայ սպառնալ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման:
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Պըրրի ազգային արժէք է եւ սահմանադրութեան հսկող պահակ մը, որուն հասցէին կարելի չէ նման արտայայտութիւն ունենալ:
Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, թէ ինք ապահովական պատճառներով չի կրնար հաստատել, որ Մար Մարունի տօնին առիթով մատուցուելիք Ս. պատարագին իր ներկայութիւնը:
Իր կարգին, Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ գոց շրջանակի մը մէջ կատարուած հանդիպումի մը ընթացքին արտասանուած խօսք մը սպրդեցուած է տեղեկատուութեան միջոցներուն` աւելցնելով, որ այդ խօսքերը հետեւանք էին հանդիպումին ընթացքին տիրող մթնոլորտին: «Սակայն մեր դէմ ի՛նչ արշաւ որ ալ շղթայազերծուի, մենք մեր բարոյական արժանիքներէն կը մերժենք սայթաքիլ», ըսաւ Պասիլ:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ յայտնեց, որ եթէ բոլոր դռնփակ անձնական հանդիպումներուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները սպրդէին, ապա շատոնց պատերազմ կրնար բռնկիլ:
Հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ երեկոյեան շեշտեց, որ իրենք մեծ յարգանք կը տածեն Պըրրիի անձին նկատմամբ` աւելցնելով, որ եթէ կարելի չեղաւ բանակցիլ, ապա պէտք է գործակցիլ:
«Ժումհուրիա» եւ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթերուն համաձայն, նախագահ Աունի եւ Պըրրիի մօտիկ բարեկամներ, յատկապէս Հըզպալլայի պատասխանատուներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իշխանութեան երկու պետերուն միջեւ հարցերը լուծելու: