Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ կուսակցութեան ծրագիրը կը մնայ նոյնը` պետականակերտում, որ անկարելի է իրագործել, երբ փտածութիւն կը տիրէ:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւնները մեծ են ու յստակ` աւելցնելով, որ այդ հարցերուն լուծման հիման վրայ է, որ դաշինքները կրնան յստականալ:
Միւս կողմէ, Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ «Մար Մըխայէլ»-ի փոխըմբռնման համաձայնագիրը ազգային կարիք է, որովհետեւ անիկա կը պահպանէ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, Իսրայէլի եւ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ դիմադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան բախումներու կանխարգիլումը, «սակայն այդ համաձայնագիրը ձախողեցաւ պետութիւնը կերտելու իմաստով», աւելցուց ան` առաջարկելով այդ համաձայնագիրը բարեկարգել:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին` Պասիլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ապազինումը պէտք չէ ըլլայ օրակարգը, այլ` Լիբանանի շահերուն համար այդ զէնքին օգտագործումը:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւն կատարել` հաւատալով, որ ան Ազգային ազատ հոսանքը կոտրելու պատմական առիթի դիմաց կը կանգնի, «սակայն ան չարաչար կը սխալի, իսկ մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ երկխօսութիւնը կարեւոր է` հայրենիքի եւ ժողովուրդի շահերուն ի խնդիր», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կողմնակալութեամբ կը կատարուի: