Պրիւքսելի մէջ 31 օգոստոսին նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմ հանդիպումի արդիւնքներուն վերաբերեալ պիտի հրապարակուի համապատասխան հաղորդագրութիւն:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ին ըսած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, արձագանգելով Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութեան, որուն մէջ ան նշած է, որ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուող եռակողմ հանդիպումի ընթացքին կը նախատեսուի համաձայնութիւն գոյացնել խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը նախապատրաստող խումբի ստեղծման շուրջ:
«Հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ պիտի հրապարակուի համապատասխան հաղորդագրութիւն, ուր պիտի տրուի համապարփակ տեղեկութիւն քննարկուած նիւթերուն վերաբերեալ», ըսած են վարչապետի աշխատակազմէն: