ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սոցիալական (ընկերային) աշխատողների ասոցիացիա (միութիւն)»ն կատարեց հետազօտութիւն մը, որուն նպատակն է գիտնալ, թէ ի՛նչ շեշտադրումներով պէտք է օգնութիւն ցուցաբերուի այն արցախցիներուն, որոնք պատերազմին իբրեւ արդիւնք զրկուած են իրենց տուներէն եւ բնականոն կեանքէն:
21 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ քննարկուեցաւ «Հայաստանի սոցիալական աշխատողների ասոցիացիա»ի կողմէ՝ «Աննա Աստուածատրեան» հիմնադրամի, «Օրօրա» մարդասիրական կազմակերպութեան եւ ԱՔԹԵԴ միջազգային կազմակերպութեան ֆինանսական եւ այլ աջակցութեամբ կատարուած «Արցախեան պատերազմ 2020. կորուստներ, մարտահրաւէրներ եւ դիմակայութեան զարգացման հնարաւորութիւններ» հետազօտութեան արդիւնքները:
«Հետազօտութեան արդիւնքները փաստում են, որ 44օրեայ պատերազմը նշանակալի ազդեցութիւն է ունեցել արցախցիների վրայ թէ՛ ընկերային-տնտեսական, թէ՛ հոգեբանական առումով՝ խախտելով կեանքի բնականոն ընթացքն ու փոխելով կենսական ռազմավարութիւնները», յայտնեց վերոյիշեալ միութեան նախագահ Միրա Անտոնեան:
Քննարկման ընթացքին գործադրուած հարցում-պատասխան բաժինէն պարզ դարձաւ, որ առաջնահերթ կերպով պէտք է ձեռք մեկնել այն արցախցի ընտանիքներուն, որոնց մէջ կան յամրընթաց (քրոնիք) հիւանդութիւններ ունեցող անձեր: Անտոնեանի համաձայն՝ նուազ կարեւոր չեն նաեւ արցախցի երեխաները:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Արցախէն տեղահանուած բնակչութեան 80 տոկոսը պատրաստ է վերադառնալու իր բնակավայրը՝ իրենց տուն ապահովելու եւ ապահովութիւնը պահպանելու պարագային։
«Արցախը վերաբնակեցնելը եւ շէնացնելը Արցախեան հարցը սեղանին է պահելու, իսկ ծրագիրը չի աւարտուել, եւ մենք շարունակելու ենք յետագայ քայլեր ձեռնարկել եւ խնդիրների մասին բարձրաձայնել արդէն միջազգային հարթակներում», յայտնեն Անտոնեան։