«Հայաստան» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր, մշակոյթի գործիչ Բաբկէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» բացառիկ ու ինքնատիպ ուղեգրութիւնը, որ կը ներկայացնէ լիբանանահայ գաղութի ու լիբանանահայութեան վերջին երկու տասնամեակի հասարակական, մշակութային կեանքի համայնապատկերը, ազգապահպանութեան խնդիրները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, հեղինակը գրական բարձրարժէք խօսքով կը ներկայացնէ իր հանդիպումները ոչ միայն լիբանանահայ գաղութին, այլեւ արաբ անուանի մտաւորականներու հետ: Ուշագրաւ են Բաբկէն Սիմոնեանի հանդիպումները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի, կաթողիկոսութեան միաբան Կորիւն արքեպիսկոպոս Պապեանի, Զմմառի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի միաբան Հայր Անդրանիկ Կռանեանի, Հայկազեան համալսարանի ռեկտոր, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի եւ նոյն համալսարանի դասախօսներ դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի եւ Արմէն Ունեշլեանի, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն, դոկտոր Զաւէն Մսրլեանի, ՀԲԸՄ Լիբանանի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն-վարիչ Գէորգ Սանթուրեանի, Լիբանանի հայկական դպրոցներու, մշակութային կազմակերպութիւններու, հայալեզու թերթերու խմբագրութիւններու ու հոգեւոր դասի անուանի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ արաբ հրատարակիչ Նեժի Նաամանի եւ արաբ անուանի պատմաբան Սալեհ Զահրատտինի հետ:
Թէեւ Բաբկէն Սիմոնեանը հայ իրականութեան յայտնի է հայ-սերպական մշակութային կապերու բնագաւառին մէջ իր կատարած նշանակալի գործունէութեամբ, միւս կողմէ, սակայն, ան մտահոգուած է նաեւ մեր ժողովուրդի ներկայով, Սփիւռքի ճակատագրով, հայապահպանութեան խնդիրներով: Ճիշդ ատիկա ալ շարժառիթ հանդիսացած է անոր Լիբանան այցելութեան, որուն արդիւնքով ալ ծնունդ առած է այս գիրքը:
Ծնունդով լիբանանահայ` պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը իր վերջաբանին մէջ այսպէս գրած է Բաբկէն Սիմոնեանի մասին. «Հայ-սերպական յարաբերութիւնները 20-րդ դարու վերջին եւ 21-րդի առաջին տասնամէակներուն անհնար է պատկերացնել առանց Բաբգէն Սիմոնեանի: Ան այդ յարաբերութեանց կենդանի խորհրդանիշն է, այնքան նոյնացած սերպերուն եւ Սերպիոյ հետ, որ ինչպէս ինքը կը խոստովանի «հայ սերպ» մըն է, միեւնոյն ատեն` «սերպ հայ» մը»: Բարձր գնահատելով հայ-սերբական յարաբերութիւններու բնագաւառին մէջ Բաբկէն Սիմոնեանի մեծ աւանդը, վերջաբանի հեղինակ Եազըճեանը կ՛արժեւորէ նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապը ամուր պահելու հեղինակին մտահոգութիւնը` նշելով, որ 1990ականներու սկիզբը անուանի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի լինանանեան այցէն ետք հայաստանաբնակ որեւէ գրող առանձին գիրքով չէ անդրադարձած Լիբանանի հայ գաղութին: Այս առումով Բաբկէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» գիրքը թարմ ու ինքնատիպ խօսք է, որ կը լրացնէ անցեալ քսան տարիներու բացը:
Գրքին առանձին շուք կու տան նաեւ մէկ մամուլ ծաւալով գունաւոր լուսանկարները, որոնցմով կը համեմուի այս բացառիկ ու արժէքաւոր ուղեգրութիւնը: Գիրքը տպագրած է «Զանգակ» հրատարակչատունը: