Վարագայ Վանքին Ժառանգաւորաց
Վարժարանը Եւ «Արծուի Վասպուրական»-ը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան 1857 յունուարին ստանձնելով Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը, սկսաւ բարեկարգութիւններ կատարել վանական կեանքէն ներս: Միաբանները սկիզբը ընդդիմացած էին անոր եւ փորձած էին հեռու պահել զայն, բայց ան անյիշաչար գտնուեցաւ բոլորին նկատմամբ:
Մկրտիչ վարդապետ իր բարեհամբոյր եւ եղբայրական վերաբերմունքով շուտով բոլորին սիրոյն եւ համակրանքին արժանացաւ: Վանքին մէջ համերաշխ եւ մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Վանահայրը աշխատանքի նոր բաժանում կատարեց եւ վանքին տնտեսութիւնը կանոնաւորեց:
Մկրտիչ վարդապետ 1 մարտ 1857-ին եկեղեցական մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ վանքի պարիսպներէն ներս հիմնարկէքը կատարեց Ժառանգաւորաց վարժարանին: Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ էին վանքին միաբանները, մշակները, հօտաղները եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներ` Վանէն եւ գիւղերէն:
Շինարարական աշխատանքներուն մասնակցեցան բոլորը` վանահայր, վանականներ եւ բանուորներ: Երեք ամսուայ աշխատանքէ ետք. մայիսի վերջաւորութեան արդէն պատրաստ էր Ժառանգաւորացի դպրոցաշէնքը: Վանքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, բարձր պատերով, օդասուն եւ արեւակող վարժարանը երկյարկ էր: Վերնայարկը ննջարաններ էին, ներքնայարկը` դասարաններ: Վարժարանի արեւելեան պարտէզէն եւ վանահօր սենեակէն անդին, վանքին հիւսիս-արեւելեան կողմը մեծ այգին էր: Վարժարանին արեւմտեան պարտէզին հիւսիսային կողմը աշակերտներու ննջարաններ էին, հարաւային կողմը` խոհանոց, սեղանատուն, հանդերձարան եւ բաղնիք: Դպրոցի շրջափակին մէջ կառուցուեցաւ տպարանի շէնքը` յարակից բաժանմունքներով:
Մկրտիչ վարդապետ պատրաստել տուաւ գրասեղաններ, գրատախտակ, աթոռներ եւ սեղաններ: Պոլիսէն բերուած քարտէսները եւ բնագիտական նկարները զետեղուեցան դպրոցին մէջ:
Մկրտիչ վարդապետ իր շուրջ համախմբեց ժողովրդանուէր եւ զարգացած երիտասարդներ, որոնք պիտի ըլլային Ժառանգաւորացին ուսուցիչները: Այսպիսով կազմուեցաւ ուսուցչական խումբը: Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան` վերատեսուչ. դասատուներ` Տիգրան Գալփակճեան, Միքայէլ Ռուբէնեան, Մանուէլ Արտամեցեան, Մարտիրոս Փափազեան, Նահապետ Փիրղամէլեան եւ Տիրացու Գէորգ:
Մկրտիչ վարդապետ գրաւոր յայտարարութիւններ ցրուել տուաւ Վանի եւ գաւառներուն մէջ, յայտնելով, որ Վարագայ վանքին մէջ հիմնուած Ժառանգաւորաց վարժարանին բացումը պիտի կատարուի 1 օգոստոս 1857-ին եւ դպրոցը գիշերօթիկ պիտի ըլլայ: Աղքատ ընտանիքներու զաւակներ եւ որբեր ձրիաբար պիտի ընդունուէին, իսկ ունեւորները թոշակ պիտի վճարէին: Սկզբնական շրջանին մինչեւ քսանհինգ աշակերտ պահելու յարմարութիւն եւ գրասեղան կար:
Առաջին հերթին Վանէն եւ գաւառներէն հաւաքուեցան խումբ մը աշակերտներ: Մկրտիչ վարդապետ այդ աշակերտներուն անունները փոխեց եւ բոլորն ալ հայկական պատմական անուններով մկրտեց: Այդ աշակերտներն էին (Մկրտիչ վարդապետին մկրտած անուններով)` Արշամ Գրիգորեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, Արշաւիր Փոխանեան, Արսէն Թոխմախեան, Գեղամ Տէր Աբրահամեան, Հրաչեայ Սեւիկեան, Արամ Բժիշկ-Յակոբեան, Վահրամ Նազարեան, Երուանդ Տէր Գէորգեան, Հմայեակ Արշարունի, Ներսեհ Տէր Յովսէփեան, Եղիշէ Տէր Մեսրոպեան, Միհրդատ Յարութիւնեան, Մուշեղ Պետրոսեան, Յաբեթիկ Տէր Սարգսեան, Վահան Պապայեան, Լեւոն Առաքելեան, Աշոտ Թովմասեան, Թաթուլ Պօղոսեան, Սիսակ, Սմբատ եւ Արամայիս:
Ժառանգաւորաց վարժարանին կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` ա.- սրբազան պատմութիւն, բ.- ընդհանրականի տեղեկութիւն, գ.- քրիստոնէական վարդապետութիւն, դ.- եկեղեցական երաժշտութիւն, ե.- ճարտասանութիւն, զ.- քերականութիւն, է.- աշխարհագրութիւն, ը.- թուաբանութիւն, թ.- ազգային պատմութիւն, ժ.- հասարակ գրութիւն եւ ժա.- հասարակ ընթերցում:
Վարժարանին մէջ բացուեցան գրադարան եւ թանգարան: Թանգարանին մէջ պահ դրուեցան ձեռագիր եւ տպագրեալ 270 մատեաններ:
* * *
Վարագայ վանքին միաբանները, մշակները, հօտաղները եւ Ժառանգաւորացի աշակերտները, վանահայր Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեանի շունչին տակ, համերաշխ եւ հաւաքական կեանք կ՛ապրէին: Ժամերգութիւնները անխափան կը կատարուէին: Օրական երեք անգամ` առտու, կէսօր եւ երեկոյ սեղանատուն կը հաւաքուէին նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի: Ամիսը անգամ մը կերակուրներու պատրաստութեան ցուցակը կը փոխուէր: Աշակերտները օրական մէկուկէս ժամ զբօսանքի իրաւունք ունէին: Մարմնական պատիժները արգիլուած էին:
Միաբաններն ու աշակերտները նաեւ արհեստներով եւ երկրագործական աշխատանքներով կը զբաղէին. կային կօշկակարներ, դերձակներ եւ ատաղձագործներ: Զարկ տրուեցաւ անասնապահութեան, մեղուաբուծութեան եւ ծաղկամշակութեան: Ընդարձակ տարածութիւններու վրայ կը մշակէին ցորեն, գարի եւ այլ ընդեղէններ: Վանքը իր ջրաղացները ունէր:
* * *
Տպագրական մեքենան, տառերը, գործիքները, թուղթն ու մելանը Վանի Յանկոյսներու թաղի Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի մէկ սենեակին մէջ տեղաւորուած էին: 1857 դեկտեմբերին հոն շարուեցաւ եւ տպուեցաւ «Արծուի Վասպուրական»-ի երկրորդ տարուան առաջին` 1858 յունուարի թիւը` 500 տպաքանակով:
Այս առիթով Մկրտիչ վարդապետ Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քարոզի ժամանակ յայտնեց, որ տպարանը շուտով Վարագայ վանք պիտի տեղափոխուի:
Յաջորդող օրերուն տպարանը Վարագայ վանք փոխադրուեցաւ եւ փետրուարի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ «Արծուի Վասպուրական»-ի երկրորդ տարուան երկրորդ թիւը:
Ժառանգաւորացի աշակերտները ստանձնեցին տպագրական կարգ մը աշխատանքներ, իսկ Պարոն Պետրոս մնայուն գրաշարը եղաւ:
«Արծուի Վասպուրական»-ի բովանդակութիւնը կ՛ընդգրկէր հինգ բաժին. ա.- Հանդէս աստուածապաշտութեան, բ.- Հանդիսարան հայրենաշէն առաքինեաց հայոց, գ.- Տեսարանք հայրենի աշխարհաց, դ.- Բուրաստան բարոյական առաքինութեանց եւ ե.- Թանգարան հայկազնեան դպրութեանց:
Թերթին խմբագիրը Մկրտիչ վարդապետն էր. օգնական եւ փոխանորդ` Մանուէլ վարժապետ Արտամետցեան, որ կը գրէր «Տեսարանք հայրենի աշխարհաց» բաժինի յօդուածները, ներկայացնելով Վասպուրականի գիւղերու, աւաններու եւ վանքերու տեղագրութիւնն ու պատմութիւնը: Ուսուցիչ աշխատակիցներն էին` Նահապետ Փիրղամէլեան, Մարտիրոս Փափազեան եւ Տիգրան Գալփակճեան: Աշակերտ աշխատակիցներ էին` Գարեգին Սրուանձտեանց, Արսէն Թոխմախեան, Արամ Բժիշկ-Յակոբեան, Արշաւիր Փոխանեան, Արշամ Գրիգորեան, Հրաչեայ Սեւիկեան, Եղիշէ Տէր Մեսրովբեան եւ Միհրդատ Յարութիւնեան:
«Արծուի Վասպուրական»-ի աշխատակից էին աշուղ եւ բանաստեղծ Պետրոս Տէր Յովսէփեան-Մադաթեան Շամախեցի, որ Կովկասէն աշուղական ոտանաւորներ կ՛ուղարկէր, ինչպէս նաեւ «Հայկազուն օրիորդներ»:
«Արծուի Վասպուրական» բաժանորդներ ունէր նաեւ Ռուսաստանի մէջ:
* * *
Վանի ջոջ աղաները, ինչպէս նաեւ անոնց մօտիկ հոգեւորականներ, նախանձէ եւ վրիժառութենէ մղուած, ամէն աշխատանք տարին Մկրտիչ վարդապետը վարկաբեկելու եւ չէզոքացնելու համար, եւ սկսան դաւեր նիւթել անոր դէմ: Անոնք իրերայաջորդ ամբաստանագիրներ ուղարկեցին Պոլիս` պատրիարքարան, եւ պահանջեցին, որ Մկրտիչ վարդապետ Վարագայ վանքի վանահայրութենէն հանուի, դատի կանչուի եւ թոյլ չտրուի անոր Վան վերադառնալու:
Պատրիարքարանը, նկատի ունենալով իրերայաջորդ ամբաստանագիրները, որոշեց Մկրտիչ վարդապետի գործունէութեան շուրջ քննութիւն բանալ եւ 1858 նոյեմբերին զայն Պոլիս կանչեց:
Պատրիարքարան ներկայանալու պաշտօնական գիրը ստանալէն ետք Մկրտիչ վարդապետ աշնանային ցուրտ ու անձրեւոտ օր մը ճամբայ ելաւ դէպի Պոլիս:
Պատրիարքարանին եւ ազգային շրջանակներու մէջ Մկրտիչ վարդապետի գործունէութեան շուրջ մանրակրկիտ քննութիւն բացուեցաւ: Պարզուեցաւ, որ անոր գործունէութիւնը արդիւնաշատ եղած է եւ ազգի լուսաւորութեան համար` շատ օգտակար: Բոլոր ամբաստանութիւններն ու բողոքները համարուեցան ստոր դիտումներ եւ նախանձի հետեւանք: Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան արդար հռչակուեցաւ:
Պոլսեցի բարեկամներ, գնահատելով անոր գործունէութիւնը, նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրեցին: Ան նաեւ հրաւէրներ ստացաւ եկեղեցիներուն մէջ պատարագելու եւ քարոզելու:
Մկրտիչ վարդապետ կիրակի օր մը Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց բնաբան ունենալով «Ի՞նչ է ազգասիրութիւնը»: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ վանեցի երիտասարդ մը` Կարապետ Կանչէեան, խորապէս ազդուած, վարդապետին դիմեց աղաչելով, որ զինք հետը Վարագ տանի եւ ընդունի իբրեւ Ժառանգաւորացի աշակերտ: Մկրտիչ վարդապետ ընդառաջեց խնդրանքին:
Մինչ այդ, Վանի առաջնորդ Իգնատիոս վարդապետ Գագմաճեան 23 մայիս 1859-ին Վարագայ վանք այցելեց եւ խորապէս տպաւորուած` գոհունակութիւն յայտնեց ի տես շէն ու ծաղկուն վանական կեանքին եւ մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքները: Վան վերադառնալէն ետք Իգնատիոս վարդապետ ջոջ աղաներուն յորդորեց դադրեցնել պայքարը:
Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան Պոլիսէն Վան վերադարձաւ 1859-ի ամրան:
* * *
Մկրտիչ վարդապետի Վան վերադառնալէն ետք ջոջ աղաները գաղտնի ժողով մը գումարեցին եւ որոշեցին սպաննել զայն: Անոնք ոստանցի քիւրտի մը` Միր Մահմուտի հինգ օսմանեան ոսկի տուին, որպէսզի մէջտեղէն վերցնէ Մկրտիչ վարդապետը:
Ամառնային առաւօտ մըն էր: Մկրտիչ վարդապետ Վարագայ վանքէն հետիոտն եւ առանձին ճամբայ ելաւ դէպի Վան: Հանդարտ քալելով ան կ՛իջնէր, երբ դարանակալ ձորի մը մէջէն դիմացը ցցուեցաւ Միր Մահմուտ, հրացանը ձեռքին:
Մկրտիչ վարդապետ խորաթափանց հայեացքը ուղղեց քիւրտի աչքերուն: Միր Մահմուտ շփոթեցաւ, դողաց եւ հրացանը ձեռքէն գետին ինկաւ:
– Կ՛ուզէի սպաննել քեզ,- բացագանչեց քիւրտը եւ ծունկի գալով ինկաւ վարդապետի ոտքերուն:
– Աստուած ձեռքս բռնեց. չեմ կրնար Աստուծոյ օրհնեալին վրայ սուր բարձրացնել,- ըսաւ Միր Մահմուտ եւ պատմեց, որ ինք վարդապետին թշնամիներէն դրամ ստացած է այդ ոճիրը գործելու համար:
Մկրտիչ վարդապետ ըսաւ, որ ինք կը ներէ բոլորին եւ Միր Մահմուտէն խնդրեց, որ դէպքը մէկուն չպատմէ:
Հակառակ վարդապետի պատուէրին Միր Մահմուտ ամէնուրեք պատմեց դէպքին մանրամասնութիւնները:
Մկրտիչ վարդապետ անյիշաչար գտնուեցաւ բոլորին նկատմամբ:
1859-ի ամրան, ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Ժառանգաւորացի աշակերտ արձանագրուեցան Յակոբ Աղուանեան, Մեսրոպ Մոկացեան, Խաչատուր Ալեքսանդրապոլցի, Գէորգ Մոկացի եւ Համազասպ Մոկացի:
* * *
Պոլսոյ մէջ, Սարգիս արքեպիսկոպոս Ադրիանուպոլսեցի պատրիարքին օրով, 24 մայիս 1860-ին հռչակուեցաւ Ազգային սահմանադրութիւնը: Սահմանադրութեան հիմնադիրներն էին Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողայոս Պալեան, Սերովբէ Վիչէնեան, Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ այլք: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը կը յայտարարուէր ազգի ղեկավար, եւ անոր կողքին կեանքի կը կոչուէին ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովներ: Այսպիսով պատրիարքարանին կից կեանքի կոչուեցան Ազգային ընդհանուր ժողովը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը: Ժողովուրդի բոլոր խաւերուն շահերը արտայայտելու նպատակով Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի ըլլար ներկայացուցչական: Երեսփոխաններէն 80-ը պիտի ընտրուէին Պոլսոյ թաղերէն, եւ 40-ը` գաւառներէն: Պիտի ստեղծուէին նաեւ թաղական խորհուրդներ:
Ազգային սահմանադրութեան հռչակման լուրը Վանի մէջ մեծ ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ: Վարագայ վանքի միաբաններ եւ աշակերտներ ուրախութեան աղաղակներով թնդացուցին մթնոլորտը: Մկրտիչ վարդապետ ողջունեց Ազգային սահմանադրութեան հռչակումը եւ «Արծուի Վասպուրական»-ի 1860-ի (չորրորդ տարուայ) երկրորդ թիւին մէջ «Ազգային նոր սահմանադրութիւն եւ հայրենասէր հիմնադիրք նորին» խորագիրով 13 էջնոց խմբագրական մը գրեց: «Ո՞վ կարէ պատմել Արծուոյ սրտի ծայրալիր հրճուանքը. մինչ պայծառ արեւ օրը ու բարեպատեհ ժամը կ՛ողջունեն զինքն. ո՞վ կարէ ճառել նորա հայրենասէր ոգւոյն անպատում ցնծութիւնը երբոր ինքն ալ իր սուրբ անուանակից Յովհաննու Մկրտչի նման ձայն կու տայ բոլոր Հայաստանին թէ` Այս ուրախութիւն, որ իմս է` լըցեալ է»:
Ազգային սահմանադրութեան հռչակման առիթով Վարագայ վանքին մէջ պաշտօնական հանդիսութիւն կատարուեցաւ, որուն հրաւիրուեցան Վանի առաջնորդը, նահանգապետը, քահանաներ, ուսուցիչներ եւ երեւելիներ:
Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն Վանի թեմը վերակազմուեցաւ եւ կազմուեցաւ գաւառական ընդհանուր ժողով` առաջնորդին գլխաւորութեամբ: Ընտրուեցան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներ: Քաղաքի եւ գիւղերու իւրաքանչիւր եկեղեցի ընտրեց իր թաղական խորհուրդը: