Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պատմութիւնը խթան գոյատեւումի

November 13, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Պատմութիւնը խթան գոյատեւումի
https://darperag21.net-Վարուժ Թէնպէլեան
Գրիգոր Խանջեան, “Կռիւը Անիի պարիսպներուն մօտ” (Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի նկարազարդումներէն)

«Ետ չնայելը, պատմութեան չանդրադառնալը, անցեալի յիշատակներից հրաժարուելը շատ վտանգաւոր է ինչպէս կեանքի, այնպէս էլ արուեստի համար…: Վիթխարի պատմութիւն ունենք: Այդ պատմութիւնը դժբախտաբար, ոչ միայն հերոսական ոգորումների, մշակութային մեծ իրագործումների պատմութիւն է, այլ նաեւ սխալների ու կորուստների: Այսօրուան համար այդ պատմութեան փորձը շատ է անհրաժեշտ, անհրաժեշտ ներկան գնահատելու գալիքի ճանապարհն աւելի յստակ տեսնելու համար»:

Այս տողերը, որոնք կը պատկանին հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին, քաղուած են 1985-ին հայրենի «Գարուն» ամսագրին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէ մը, զոր պատահմամբ կը թերթատէինք վերջերս: Այդ թուականէն ետք շատ բան փոխուած է ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ, սակայն արծարծուած միտքերը կը մնան այժմէական թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ: Վահագն Դաւթեանի այս հաստատումները պահ մը պիտի անջատենք իրենց համազգային շրջագիծէն եւ զանոնք պիտի քննարկենք սփիւռքեան ոլորտին մէջ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ հայրենիքի հողէն եւ հողին վրայ համախումբ ապրելու իրաւունքէն զրկուած սփիւռքահայութիւնը շեշտակիօրէն կը դրսեւորէ անցեալէն խզուելու, անցեալի արժէքներն ու թերիները անտեսելու վարքագիծ մը:

Օտար երկինքներու տակ, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազան ազդեցութիւններու ենթակայ մեր ժողովուրդը, իր նոր դիմագիծի փնտռտուքին մէջ, սկսած է անջատուիլ իր ամբողջ անհատականութիւնը կերտած մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի պատմութենէն: Անջատումի այս ընթացքին մէջ գլխաւորաբար պէտք է տեսնել օտարումի եւ այլասերման վտանգին գլխաւոր պատճառը: Ճիշդ է որ մեր ժողովուրդը կը յիշատակէ դէպքերու տարեդարձը, բայց պէտք է խոստովանիլ, որ դէպքերու յիշատակումը այլ բան է, իսկ պատմական դէպքերու արժեւորումով զարգացած մտածողութիւն մը՝ ուրիշ բան: Մեր պատմութիւնը արժեւորելու եւ ըստ այնմ մեր ներկան ու ապագան կերտելու ձգտող ընդհանրական եւ համազգային մտածողութեան մը այլասերումն է գլխաւոր պատճառներէն մէկը սփիւռքահայ մեր հաւաքականութեան կամաց-կամաց քայքայումին եւ օտարումին: Մեր պատմութենէն խզուած սփիւռքահայ անհատականութիւն մը անխուսափելիօրէն այլասերման առաջնորդող ազդակ է:

Սփիւռքահայ գրողները իրենց թեմաները չեն վերցներ մեր մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի պատմութենէն (տակաւին առանց խօսելու արդի թեմաներու հայկականութեան մասին) եւ այդ պատճառով ալ անոնց գործերը ընդհանրապէս անկեանք են եւ անարիւն: Նոյնն է պարագան արուեստի բոլոր մարզերուն՝ նկարչութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի պարագային: Բացառութիւններ կան բայց թիւով քիչ. հայ մեծանուն արուեստագէտներ ալ կան, բայց անոնց արուեստը հայկական չէ: Նոյն երեւոյթը սկսած է զարգանսլ նաեւ հայ գաղափարական-քաղաքական մտածողութեան մէջ: Թերեւս ամէնէն վտանգաւորը պէտք է նկատել այս գաղափարական-քաղաքական մտածողութեան անցեալէն խզուելու երեւոյթը եւ կ’արժէ յատկապէս կանգ առնել անոր վրայ, որովհետեւ եթէ արուեստը մեզ շրջապատող կեանքն ու իրականութիւնն է, զայն շնչաւորողը գաղափարական-քաղաքական մեր աշխահահայեացքն է:

Հայ իրականութիւնը, հայ կեանքը կարելի չէ անջատել հայ ազգային գոյատեւման պայքարի հազարամեակներու հոլովոյթէն, ցեղասպանութենէն, Սարդարապատէն, Ծիծեռնակաբերդի եւ Արփա-Սեւանի կառուցումէն, Հայաստանի վերանկախացումէն, Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակէն, երկրորդին՝ պարտութենէն: Ազատագրական եւ գոյատեւման պայքարին մէջ խտացուած են մեր համազգային տեսլականներն ու գաղափարական աշխարհահայեացքը, եւ ինչպէս Վահագն Դաւթեան կ’ըսէ, «անցեալի յիշատակներից ու բարոյական արժէքներից հրաժարուելը շատ վտանգաւոր է ինչպէս կեանքի, այնպէս էլ արուեստի համար»:

Այո,՛վտանգաւոր են այլասերման առաջնորդող յաճախ ծածուկ եւ երբեմն բացայայտ այն յայտարարութիւնները, թէ կը բաւէ ապրիլ անցեալի իրագործումներով, թէ կը բաւէ կատարել անցեալի փառաբանանքը, թէ պէտք է ապրիլ ներկան եւ այլն:

Այո՛, պէտք է ապրիլ ներկան եւ կերտել ապագան, բայց կարելի չէ ապրիլ ներկան եւ կերտել ապագան, առանց ճանչնալու անցեալի հերոսական ոգորումները, ինչպէս նաեւ՝ կատարելու սխալներու եւ կորուստներու ճշգրիտ գնահատումը:

Իսկ ճանաչումն ու գնահատումը կարելի չէ սահմանափակել միայն մեր գաղափարական-քաղաքական աշխարհահայեացքով, այլ պէտք է տարածել մշակոյթի եւ արուեստի բոլոր մարզերուն վրայ՝ զանոնք պատուաստելով ժամանակի ոգիին հետ:

Որպէսզի հայկական աւանդներով հարստացած ներկայ եւ ապագայ սերունդները ո՛չ միայն լաւագոյնս պայքարին այլասերման վտանգին դէմ, այլեւ՝ անցեալի արժէքներով զինուած եւ սխալներէն դասեր քաղած սատարեն հայ ժողովուրդի եւ հայրենի պետականութեան հզօրացման սրբազան գործին:

  • Վարուժ Թէնպէլեան
  • Նորագոյնները

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Next Post

Ատրպէյճան Դարձեալ Պատրաստակամութիւն Յայտնեց` «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու»

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.