Վերջին շաբաթներուն պատուաստումի շեշտուած քայլերու լոյսին տակ «Քորոնա» համավարակի հետեւանքները զգալի նահանջ կ՛արձանագրեն Լիբանանի մէջ: Այս գծով վերջին 24 ժամերուն 6 մահ եւ 465 վարակումի պարագայ արձանագրուած է Լիբանանի մէջ:
Այս իմաստով միջազգային հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, «Մոտերնա» եւ «Ֆայզըր» պատուաաստները կարող են յաղթահարել նաեւ «Քորոնա» ժահրի հնդկական տեսակը, որ նոյնքան վտանգաւոր կը թուի ըլլալ:
Միւս կողմէ, համավարակի դէմ պայքարի պատկան մարմինին որոշումով այսուհետեւ շարժապատկերի սրահները պիտի կարենան գործել առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 11:00, ներկայութեան 50 առ հարիւր համեմատութեամբ: