«Այսօր այս ամպիոնին կանգնած է ոչ թէ անհատ քաղաքական, պետական գործիչ Սերժ Սարգսեանը, ոչ հանրապետութեան երրորդ նախագահը, անոնցմէ ոչ մէկը այստեղ գործ չունի ընելու»,- ըստ Azatutyun.am-ի, Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, իր ելոյթին մէջ յայտարարեց վարչապետի թեկնածու Սերժ Սարգսեան։
«Այսօրուան քուէարկութեամբ դրուած չէ մէկուն կամ միւսին հաւանութիւն տալու կամ չտալու հարցը, այսօր այս ամպիոնէն ելոյթ կ՝ունենայ խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը կազմող Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահը։ Ես այստեղ եմ նախեւառաջ իբրեւ իշխող կուսակցութեան ղեկավար՝ յօգուտ իմ թեկնածութեան ըսելու, որ ունիմ բաւարար ազդեցութիւն եւ հնարաւորութիւններ՝ ստանձնած քաղաքական պատասխանատւութեան ծիրէն ներս ապահովելու խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժի ներդաշնակ աշխատանքը իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր թեւերուն մէջ»,- յայտարարեց Սարգսեանը՝ շարունակելով. – «Կառավարման խորհրդարանական համակարգը կը բացառէ հակասութիւնը կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ՝ ես պատրաստ եմ ըլլալու այդպիսի հակասութեան բացառման երաշխաւորը»։