ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պատրաստ ենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականացնելու բոլոր քայլերը կատարելու, 15 Յունիսին Շուշիի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։
Ան Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ մասնակցելու շրջանային զարգացման վեց երկիրներու՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Վրաստանի ու Հայաստանի ձեւաչափին։
Ան նաեւ բոլորին կոչ ըրաւ «Ատրպէյճանի յաղթանակը ընդունիլ ու հրաժարիլ արկածախնդրական յոյսերէ»։
Էրտողան եւ Ալիեւ Շուշիի մէջ ստորագրեցին հռչակագիր մը ։ Ըստ Ալիեւի՝ դաշնագիրը բարձրագոյն մակարդակի կը բարձրացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։ «Այսօր մենք ո՛չ միայն կը խօսինք Զանգեզուրի միջանցքին մասին, որ ճանապարհային եւ երկաթուղային ճամբով Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պիտի կապէ, այլ նաեւ գործնական քայլեր կ՛իրականացնենք», ըսաւ Ալիեւ:
Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիա մտադիր է ընդհանուր հիւպատոսութիւն բանալու Շուշիի մէջ։