ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական իշխանութիւնները ձեռնարկած են բոլոր անհրաժեշտ ջանքերուն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ հետագայ լարուածութենէն խուսափելու համար:
Այդ մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան պետի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ:
«Ռուսիա մեծ մտահոգութեամբ ընդունեց մեզի համար բարեկամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային լարուածութեան վերաբերող լուրը. վստահ ենք, որ երկար տարիներու ղարաբաղեան տագնապը, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ իւրաքանչիւր այլ տարակարծութիւն անհրաժեշտ է լուծել բացառապէս խաղաղ միջոցներով՝ դիւանագիտական բանակցութիւններու ճամբով: Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ կը կիսեն նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի միւս համանախագահները՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿը, ԱՊՀն եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ», յայտնեց Զայցեւ:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա պատրաստ է շարունակելու ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան հաստատման նպատակով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցը հարցուց Հայաստանի հետ սահմանագօտիին վրայ թուրք-ատրպէյճանական լայնամասշտապ զօրավարժութիւններուն մասին։ Ալեքսէյ Զայցեւ ընդգծեց զօրավարութիւններուն մասնակցող 5000 զինուորներուն եւ յարձակողական, պաշտպանական ու հակաօդային զինուորական համակարգերու կիրարկման փաստը: «Մենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանի իրավիճակին՝ յատկապէս հաշուի առնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանային վերջին հակամարտութիւնը: Հաստատակամօրէն կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք, նաեւ անոնց՝ ընթացիկ ռազմական գործունէութեան մէջ», նշեց Զայցեւ: