Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պարանաձգումի խաղի շարունակութիւն

Ակնարկ

August 27, 2022
in Newsletter, Mobile Home, Յօդուածներ
0
Շահան Գանտահարյանի բանաձևն Արցախի մասին․ «Ինքնորոշման իրավունքի իրացում հանուն փրկության»

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններու գործընթացը նոր խոչընդոտներու առջեւ է: Կայ յստակ տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն համեմատական լաւատեսութեան եւ ամերիկեան անհամաձայնութիւններուն միջեւ: Փաստօրէն Թեհրանի կատարած լրացուցիչ առաջարկներուն համաձայն չէ Ուաշինկթընը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ բանակցութիւնները կը դադրեցուին. հիմա կը սկսի նոր շրջափուլ` նոր առաջարկներ, նոր միջնորդութիւններ, նոր համաձայնութիւններ կամ առարկութիւններ: Կը թուի, որ ընդհանուր համաձայնութեան յանգելէն աւելի այս փուլին նպատակը բանակցելու գործընթացը պահպանելն է: Բնականաբար զուգահեռ տեղի կ՛ունենան քաղաքական առեւտրային իրադարձութիւններ:

Այս պարանաձգութիւնը լաւագոյնս բնորոշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի յայտարարութեան մէջ, թէ` «հիւլէական համաձայնութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ, եւ իրանեան առաջարկին ամերիկեան պատասխանը տրամաբանական է: Հիւլէական համաձայնութեան յաջողութիւնը շուկաներուն մէջ յաւելեալ քարիւղի գոյութիւն պիտի նշանակէ»:

Ըսել կ՛ուզուի, որ հակառակ ամերիկեան անհամաձայնութեան կամ առարկութիւններուն, գործընթացը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ: Պատգամը վերջին բաժինին մէջ է, թէ կայանալիք համաձայնութիւնը համաշխարհային շուկային վառելանիւթ պիտի ապահովէ:

Ռուսական ուժանիւթին փոխարէն իրանեան ուժանիւթ կամ` այլընտրանքային շուկաներու որոնումի շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն այս յայտարարութիւնը, այլ նաեւ ընդհանրապէս իրանեան ապաշրջափակում եւ ռուսական մեկուսացում աշխարհաքաղաքական գործընթացը: Իսկ այս առումով կը թուի, որ դերերու բաշխումով Եւրոպան ընդունելի միջնորդի դերը շարունակելու տուեալները ունի: Միջնորդութիւն` իրանեան լրացուցիչ առաջարկներուն եւ ամերիկեան առարկութիւններուն միջեւ:

Ամերիկեան անհամաձայնութիւնը առարկայացաւ սուրիական տարածքներու վրայ իրանեան յենակէտներ հարուածելով: Գործողութիւն, որ ունեցաւ պատասխան, այս անգամ իրանեան կողմէն: Սահմանափակ ռազմական գործողութիւններ` բանակցութիւններու ելեւէջներուն համընթաց:

Այս տեղատուութեան ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ կը զգացուի ծովային սահմանագծման գործընթացին առած կանգառով: Բոլոր յայտարարութիւնները կը յուշէին համաձայնութեան անմիջականութեան մասին: Կը թուի, որ համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալու առումով նոյն լաւատեսական մթնոլորտը մշուշապատուած է: Մագոգային այցելութիւններով երթեւեկող ամերիկացի բանագնացը այս հանգրուանին իր փոխանցումները պիտի կատարէ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ եւ ոչ թէ շրջան այցելելով: Հիմնական, բեկումնային համաձայնական պահ մը կ՛ենթադրէր անձնական այցելութիւն:

Ըստ էութեան պարանաձգութիւն, ըստ քաղաքական ձեւակերպումի` բանակցային գործընթաց, այնուամենայնիւ քննարկումները, միջնորդաւորուած առաջարկներն ու առարկութիւնները պիտի շարունակուին կողմերէն եւ միջնորդներէն: Պահը յայտնաբար չէ հասունցած նոր իրավիճակ ստեղծելու:

Previous Post

Աղաւնոն ալ անցաւ պատմութեան…

Next Post

Հայաստանի և Ռուսաստանի ԶՈՒ գլխավոր շտաբերի պետերը քննարկել են ՀՀ զինված ուժերի արդիականացման ու բարեփոխումների ընթացքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.