Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 211
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրանեան Տեսանկիւնէ-թիւ 4
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած յուշագրութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անոր փաստին ամրապնդման նկատմամբ: Բացի ականատես վկաներու գրածներէն անոնց յաջորդող երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդի այդ մասին իրենց լսածները վկայողներ ալ՝ դրական ներդրում բերած են Հայասպանութեան փաստի զօրացման գծով: Կան նաեւ թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար մասնագէտ ուսումնասիրողներ եւ յուշագրողներ, որոնց գրածներուն եւ հետազօտութեանց եզրակացութիւնները զուտ վկայութիւններ են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին վերաբերեալ:
Հայրենի արեւելագէտ՝ պարսկագէտ Էմմա Բեգիջանեան իր հեղինակած «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» (խմբագիր ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, լոյս տեսած հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի) գիրքին 34-էն 44-րդ էջերը յատկացուցած է՝ Իրանի հռչակաւոր գրողներէն Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկայ իրաւաբան Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէի կենսագրութեան եւ հայոց Մեծ Եղեռնի մասին անոր յուշերուն: Հեղինակը գիրքին սկիզբը կ՛ըսէ. «Հրապարակուած տեղեկութիւնները ուշագրաւ են՝ դեռեւս որոշ վերապահումներով՝ իրենց անկողմնակալութեան տեսանկիւնից, քանզի յաճախ հաշուի են առնուել Օսմանեան Կայսրութեան մահմետական երկիր լինելու հանգամանքը, որի պատճառով որոշ պարբերականներում ոչ միայն փաստերի մեղմացման միտում է նկատւում, այլեւ երբեմն ակնյայտօրէն պաշտպանում են օսմանցիներին» (էջ 17):
Մուհամմատ Ալի Ճեմալզատէ ծնած է Սպահան, 1892-ին: Հայրը՝ Սեյիտ Ճամալէտտին, Իրանի Սահմանադրական Յեղափոխութեան ականաւոր գործիչներէն եղած է, որ ձերբակալուած ու ապա սպաննուած է Ղաճարներու բռնապետ Ալիշահի հրամանով: Հօր մահէն առաջ՝ 1905-ին Ճամալզատէ Պէյրութի Ֆրանսական Գոլէճը կը յաճախէ, զոր կ՛աւարտէ 1910-ին, որմէ ետք Ֆրանսա եւ ապա Զուիցերիա կ՛անցնի, ուր Լօ Ան քաղաքի համալսարանը մինչեւ 1912 իրաւաբանական ուսում կը ստանայ, որ կը կատարելագործէ Տիժոնի համալսարանին մէջ: Ան կը համագործակցի իրանցի ազգայնականներուն հետ Պերլինի մէջ: Եւրոպայի տարբեր քաղաքներէն եւ Կ. Պոլսէն իրանցի երիտասարդ մտաւորականներ Պերլին հաւաքուած էին եւ հիմնած իրանցի Ազգայնականներու կոմիտէն: Այս կոմիտէին նպատակն էր Իրանի մէջ Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ազդեցութեան դէմ պայքարիլ: Անոնք կը ձգտէին նմանիլ Երիտթուրքերու կոմիտէին:
Դաշնակիցներ գտնելու նպատակով իրանցի երիտասարդ մտաւորականներէն շատեր կը փութան Կ. Պոլիս, հոն բարձրաստիճան երիտթուրք պատասխանատուներու հետ տեսակցելու եւ անոնց փորձառութենէն օգտուելու համար: Անոնցմէ մէկն էր Ճամալզատէն: Թալաաթ երբ անոր Կ. Պոլիս ժամանման մասին տեղեկացած է, անմիջապէս իր քով հրաւիրած է զայն անոր հետ տեսակցելու: Այս մասին Ճամալզատէ կ՛ըսէ. «Ինչ վերաբերում է իմ եւ օսմանցիների փոխյարաբերութիւններին, ապա իմ Կ. Պոլիս ժամանելուց երկու օր անց, Թալաաթ փաշան, որ այժմ ներքին գործերի նախարար է, տեղեկացել էր գալստեանս մասին եւ անմիջապէս հրաւիրել Բարձր Դուռ: Նա հարց ու փորձ արեց իմ եւ ուղեկիցներիս մասին, հարցերին տուեցի սպառիչ պատասխաններ: Պաղտատից ճանապարհուելիս մտադրել էի ձեզ հետ խօսել երկու հարցի շուրջ, սակայն ճանապարհի ընթացքում հաւելուեց երրորդ հարցը: Ես ցանկանում եմ խօսակցութիւնն սկսել հենց 3-րդից» (էջ 37): Ճամալզատէ կը սկսի արծարծել հայոց հալածանքներու եւ կոտորածներու հարցը ըսելով, թէ այդ մէկը եթէ օսմանականութեան եւ իսլամականութեան վնասակար չէ՝ ապա թուրքերու մարդկային նկարագրին լուրջ հարուած է: Թալաաթ կը զայրանայ եւ Վանի ինքնապաշտպանական արարքը իբրեւ ըմբոստութիւն ներկայացնելով կը ցցէ Ճամալզատէի առջեւ, որ Վանի դէպքերու մանրամասնութիւններուն անծանօթ ըլլալով չի կրնար կողմնորոշուիլ, թէ հոն պատահածը ըմբոստութիւն կամ յեղափոխութիւն չէր այլ՝ ինքնապաշտպանութիւն, այդուհանդերձ ան կ՛ըսէ. «Տղամարդիկ են այդպէս վարուել, մինչդեռ նրանց կանայք եւ երեխաները մեր փոքրիկների նման անմեղ են»: Թալաաթ իբր թէ զարմացած այս արտայայտութենէն հարց կու տայ, թէ ի՞նչ տեսած էր Ճամալզատէ, որ կանանց եւ երեխաներու սպանդին մասին կը խօսի: Երբ Ճամալզատէ անոր կը պատմէ Տէր Զօրի ճամբուն վրայ թուրք զինուորներուն հայոց նկատմամբ վայրենի վերաբերմունքն ու երեխաներու սպանութիւնները, Թալաաթ կը խոստովանի իրականութիւնը, որ թուրք զինուորները իրենց հրամայուածէն շատ աւելի յառաջ կ՛երթային եւ այդ արարքներուն պատասխանատուները միշտ պահել կը ջանային: Ճամալզատէ Թալաաթի կ՛ըսէ թէ իրենց առանձին խօսակցութիւնը սենեակին մէջ որեւէ նշանակութիւն չունի եւ կ՛աւելցնէ. «Ձեր տեսակէտը պէտք է լսի ողջ ժողովուրդը: Մարդիկ պէտք է իմանան՝ կառավարութիւնը չէր ցանկանայ, որ բռնագաղթող հայերի նկատմամբ այդ աստիճան դաժանութիւն դրսեւորուեր: Հրամայեցէք որ մեղմացուի հայերի նկատմամբ վերաբերմունքը» (էջ 38): Վերոյիշեալ հանդիպումը Ճամալզատէի եւ Թալաաթի միջեւ տեղի ունեցած է 1916-ի ամրան:
Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէի գիրքը կազմուած է իրանեան պարբերականներուն մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներով, որոնք իր յուշերուն վրայ հիմնուած են: Գիրքին «Պաղտատ Հալէպ Ճանապարհի Չարաբաստիկ Դէպքը» վերնագրեալ բաժնին մէջ հատուած մը, Ճամալզատէի 1915-ին Օսմանեան Պետութեան տարածքէն անցնելով Իրան կատարած ճամբորդութեան մասին է: Նոյն այդ ճամբայով ան վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ ապա անցած Գերմանիա 1916-ի ամրան: Դէպի Կ. Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ Պաղտատի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսը իրեն ընկերակցած է, որովհետեւ իրավիճակը բարդ էր: Ամէն վայրկեան վախ կար թէ անգլիացիները կը գրաւէին Պաղտատը: Ճամալզատէ իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ. «Քանի որ օսմանցիները կոտորում էին հայերին, զոհուածների դիակները նետւում էին Եփրատի ջրերը» (էջ 41): Ան բազմաթիւ դիակներ կը տեսնէ Եփրատի ջուրերուն մէջ: Յետագային իր տեսածները գրի առած եւ յղած է պարսկերէն հրատարակուող «Հուր» թերթին, որ իր 1972 Օգոստոսի համարին մէջ հրատարակած է զայն՝ «Իմ Տեսածներն Առաջին Աշխարհամարտում» վերնագրի տակ:
Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէ կը ներկայացնէ հայոց տառապանքները շատ կսկծալի ոճով. «Հայ կանայք եւ տղամարդիկ իրենց երեխաներով, ողբալի վիճակում, մտրակի եւ զէնքի հարուածների տակ հետիոտն առաջ էին քշւում: Նրանց շարքերում երիտասարդ տղամարդիկ չկային, քանի որ բոլոր երիտասարդները կա՛մ ռազմաճակատ էին ուղարկուել, կա՛մ պարզապէս սպանուել էին՝ ապահովութեան նկատառումով, որպէսզի չմիանային ռուսական բանակին» (էջ 42-43):
Շարունակելով իր ականատես վկայի նկարագրութիւնը Ճամալզատէ կը գրէ. «Հայ աղջիկները գլուխները սափրել էին, ձգտել իրենց տգեղացնել, որպէսզի նրանց վրայ չյարձակուեն թուրք եւ արաբ տղամարդիկ: Բոլորն էլ բոկոտն ոտքերը ծածկում էին կտորով, թղթով, հնարաւոր ամէն ինչով: 2-3 հեծեալ ժանտարմներ այդ խմբերին ոչխարի հօտի նման մտրակի հարուածով առաջ էին քշում [Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շատ մը այլ յուշագրութիւններու մէջ յստակօրէն յիշուած է, որ եթէ բռնագաղթուած հայկական կարաւանին մօտէն 2-3 թուրք կամ քիւրտ զինուոր-ոստիկան կը քալէին, ապա քիչ մը հեռու տասնեակներով զինուորներ եւ զինուած պաշըպօզուքներ անտեսանելի ձեւով կ՛ընթանային կարաւանին հետ – Յ. Ի.]: Իսկ եթէ գերիներից որեւէ մէկն ինչ-որ պատճառով ետ էր մնում, ապա ետ էր մնում ընդմիշտ, հարազատների լացուկոծը, ողբը որեւէ նշանակութիւն չունէին» (էջ 43):
Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէ հայ երեխաներուն ապրելու տենչէն մղուած ճիգերը կը նկարագրէ ըսելով, թէ անոնք բռնագաղթի ճամբաներուն վրայ կը մօտենային ուղեւորներու եւ անոնցմէ հաց ու ջուր կը խնդրէին: Այդ օտար ուղեւորներէն ոմանք կը փորձէին բարութիւն ընել եւ հայերուն հաց ու ջուր մատակարարել: Սակայն այդ բարութիւն կատարող մարդոց արարքը կը զայրացնէր թուրք պաշտօնեաները որոնք սպառնալով կ՛ըսէին. «Եթէ դուք շարունակէք ձեր բարեգործութիւնն այդ մարկանց նկատմամբ, ապա զեկուցելու ենք կառավարութեանը՝ բողոքելով ձեզանից» (էջ 40):
Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէ որ այսքան պերճախօս եւ առարկայականօրէն կը նկարագրէ հայոց տառապանքները Մեծ Եղեռնի օրերուն, Թալաաթի հետ սերտ բարեկամ եղած է, սակայն այս հանգամանքը բնաւ արգելք չէ հանդիսացած զինք ետ մղելու ճշմարտութեան վկայութենէն: Ան նոյնիսկ իրեն բարեկամ եւ խօսակից Թալաաթի երեսին ըսած է իրականութիւնը եւ ջանք թափած է մեղմացնելու հայոց տառապանքները, յուսալով որ Թալաաթը իր վարուելակերպը կը փոխէ հայոց նկատմամբ, որ անշուշտ չեղաւ:
Պարսիկ մարդասէր մտաւորական Մուհամմատ Ալի Ճամալզատէի յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստավաւերագրական մեծ կարեւորութիւն կը զգենուն, քանի որ ան եղածին ականատես վկան է, իսլամ կրօնքի կը պատկանի եւ ակամայ ոճրագործ Թալաաթի բարեկամը եղած է եւ ուղղակի անոր երեսին ըսած է ճշմարտութիւնը: