ԽԱՉԻԿ ՏԵՏԷԵԱՆ
Նուագւում է նորից, բիւրաւոր սրտերի վրայ
մի անդարձ պարտութեա՛ն կսկիծ…
Եղիշէ Չարենց
Կրկին հարուածեց մեզ չարահամբաւ անէ՛ծքը դարաւոր,
Մեր անողոք պատմութեան անէծքը կործանարար.
Պատմութեան անէծքն այս հին,
Խարանուած միշտ մեր ճակատին,
Դառն ու լեղի թոյնի նման պիտի կլլենք կրկին.
Պիտի կլլենք՝ մեր հի՜ն, միշտ նո՛յն ոսոխին
Արիւնռուշտ ծարաւին զոհաբերելով՝
Մեր սրբազան հողը արիւնածոր
Ու հերոս ընտրանին անձնուրաց,
Արժանապատուութի՜ւնը յաղթող ցեղի,
Երազանքն ու տենչանքները փառայեղ գալիքի,
Ու հոգեւոր արժէքները դարաւոր։
Բայց չտարակուսի՛ք երբէ՜ք,
Զոհեցինք նաեւ յանուն մեր հի՜ն, նորոգ մեղքերուն,
Որ կրծեց ու կը կրծէ մեզ մեր ներսիդին,
Հին ժամանակներէն, կնիքի մը նման դաջուած մեր ճակատին,
Դուրս կը թափի որպէս պալար, մաղձ ու թոյն,
Դժխեմ ու խաւարակուլ ամէն պահի։
Տարօրէն մռայլ է պահը անիծեալ.
Դառնութիւնն է լեռնացած մեր հոգւոյն խորքն ու ծուծին,
Խելագարութիւնը ոչի՛նչ է աղէտին դիմաց,
Երբ կսկիծն ու ցաւը ապիկար ձեռքերով է սարքուած,
Ալ ի՞նչ ողբ, ի՞նչ վիշտ, ողբերգութի՜ւնն է մեզ կլանած։
Պարտութեա՜ն կսկիծ, անկո՜ւմ անփառունակ,
Օ՜հ, ինչքա՛ն ահաւոր է մորմոքը մեր սրտին,
Փշրուեցան մեր երկաթեայ բազուկները մոխիրին մէջ,
Մեր թանցր հոգիներուն պատեց կոտտանքը լուռ,
Ամօթի հառաչանքը վաղեմի, կարծէք մոռցուած,
Բայց ցցուող միշտ, նզովեալ ամէն հանգրուանի։
Միթէ՞ անհետ կորաւ մեր դափնին ոսկեայ,
Հպարտ Արցա՜խը, Աստուածաբոյն,
Պղծուեցան կրկին մեր շիրիմները արնավառ,
Մեր հողն ու ջուրը, լուսահամ,
Միթէ՞ պիտի ապրի երազը վերադարձի,
Թէ՞ անէծքն այս մշտաբորբոք զոհեց զայն ընդմիշտ։
Հաւատալ է պէտք, թէ անէծքն անգամ յաւերժ չէ,
Որ պիտի եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեն կրկին,
Պիտի մեր հոգիին մէջ գտնենք այնքա՜ն ուժ
Որ թշնամին դուրս շպրտենք մեր լեռներէն կրկին։
2020