ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Պաքուի մէջ կազմուած է յատուկ հրամանատարական խումբ մը, որ Ատրպէյճանի մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով ռազմավարական փորձագէտ Ատալիաթ Վերտիեւը՝ կը գրեն, որ այդ խումբը կը ներառէ չորս թուրք զօրավարներ:
Զուգահեռաբար, փոխարինուած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զինուորական կցորդը: Այժմ այդ պաշտօնը կը վարէ զօր. Զաքարիա Եալչըն:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չմեկնաբանեց այս տեղեկութիւնը: