ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պաքու դատապարտեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի՝ Ստեփանակերտ այցելութիւնը` պնդելով, որ Արշակ Կարապետեանի հանդիպումները Ղարաբաղի «ապօրինի ռազմական խմբաւորումներու հետ եւ յայտարարութիւնները անոնց մարտունակութեան մասին» ռազմաքաղաքական սադրանք են:
«Նման քայլերով Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կոպտօրէն խախտելով եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, միտումնաւոր կերպով կը փորձէ սրել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ վարկաբեկել ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը», յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Կարապետեանի այցելութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ «Հայաստանի զինուած ուժերու տարրերը կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճանի տարածքներուն մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները»:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ զգուշացուց Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, թէ Ատրպէյճանի տարածքը նման «անօրէն» այցելութիւններու կրկնութեան պարագային պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցներ` «յարձակողական անջատողականութիւնը եւ ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու ուղղութեամբ` Ատրպէյճանի օրէնսդրութեանը համաձայն»: