ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ 19 Յունուարին յայտարարեց, թէ Արցախ այցելութեանց դէմ արգելքը վերացնելու առնչուող ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի առաջադրած բանաձեւը կատարուած է «ազգայնամոլ կազմակերպութիւն հանդիսացող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ»ին պատուէրով՝ պնդելով, որ անիկա նպատակ ունի ձախողութեան մատնել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ շարունակուող բանակցութիւնները։
Հաճիեւ ընդգծեց, որ Փալոն կ՛աջակցի «Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած Հայաստանի ռազմական բռնարարքներուն, ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման եւ աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներու տեղահանման»:
«Կոչ ընելով այցելել ահաբեկչական վարչակարգի վերահսկողութեան տակ գտնուող գրաւեալ տարածքները՝ ան (Փալոն) վտանգի տակ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կեանքը», ընդգծած է Հաճիեւ: