ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Պաքու քննադատեց Մոսկուայի՝ «Լեռնային Ղարաբաղ» անունէն չհրաժարելու երեւոյթը։
Արդարեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ մասնաւորաբար Ռուսիոյ Պաշտպանական վերահսկողութեան ազգային կեդրոնի ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Միխայիլ Միզինցեւի խօսքերը, ըստ որոնց, Ուքրանիոյ՝ ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը նաեւ «14 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանք մատակարարուած է Լեռնային Ղարաբաղէն»:
«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող վարչատարածքային միաւոր չկայ: Ռուսիոյ յայտարարութիւնները, որոնք բազմիցս կատարուեցան բարձրագոյն եւ բարձր մակարդակներով, հաստատեցին աջակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան: Միաժամանակ, այս դիրքորոշումը ամրագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համապատասխան փաստաթուղթերուն մէջ», կը նշէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Պաքու նաեւ պնդեց, թէ «նման յայտարարութիւններ կրնան վնասել Ատրպէյճան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն եւ պատճառ դառնալ իրավիճակի սրման՝ Ատրպէյճանի այն տարածքներուն մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը»: