Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաքու հաստատեց, որ չի կատարեր հայ գերիները ազատ արձակելու պարտաւորութիւնները

May 13, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Provocation of Armenians in Shusha

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հոլանտա կատարած այցելութեան ընթացքին հնչեցուցած մեղադրանքները նկատեց «անհիմն»` նշելով, որ «անոնք կասկածի տակ կը դնեն Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Երեւանի անկեղծութիւնը»:

«Ատրպէյճանի հասցէին Հայաստանի վարչապետին առաջադրած անհիմն մեղադրանքները, ներառեալ իրականութենէն հեռու պնդումները՝ մարդասիրական հարցերու վերաբերեալ, ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլորովին անկեղծ չէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լուծման հարցին մէջ: Հայաստանի կողմէ ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրումը «մարդասիրական ժեստէ չէ», անիկա Երեւանի պարտաւորութիւնն էր 10 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմանի յայտարարութեամբ: Այդ փաստաթուղթի ստորագրութենէն ետք Ատրպէյճանի մէջ ականներու զոհ դարձան 219 անձեր՝ հիմնականին մէջ քաղաքացիներ», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւա՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի բանտարկուած հայերը չվերադարձնելու մեղադրանքներուն՝ Պաքուն զանոնք կը նկատէ ներթափանցողներ, որոնք Ատրպէյճանի տարածք ուղարկուած են պատերազմի աւարտէն ետք: Ատրպէյճանի հասցէին անհիմն մեղադրանքները կասկածի տակ կը դնեն յանուն խաղաղութեան գործելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը»։

Այսպիսով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս մեղքը դրաւ հայկական կողմին վրայ եւ հաստատեց, որ Պաքու կը հրաժարի գերիները ազատ արձակելու մասով եռակողմանի յայտարարութիւնը կատարելէ:

Previous Post

Միրզոյեան, Պայրամով եւ Լաւրով քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները

Next Post

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի  միջ-ուղղափառ  համագումարին Փարալիմնիի մէջ

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In