ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարեց Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ, գործարար Արա Աբրահամեանի, ընկերութիւններու «Տաշիր» խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Royalsys Engineering ընկերութեան նախագահ Դաւիթ Գալստեանի դէմ:
Ըստ Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան՝ ատրպէյճանական դատախազութիւնը կը պնդէ, թէ երեք հայ գործարարները «սպառազինութեան մաքսանենգութիւն» կազմակերպած են 2001-2021 թուականներուն, օդային ճամբով Հայաստան եւ այնտեղէն՝ «Հայաստանի կողմէ գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից Ատրպէյճանի հանրապետութեան շրջանները. ուղարկած են մեծ տրամաչափի մարտական հրազէն, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր եւ սարքեր»:
Պաքու այս գծով իրաւական օգնութեան համար դիմած է «օտար պետութիւններու համապատասխան պետական մարմիններուն»: