Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաքու որոշած է բողոքել Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին դէմ

March 19, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
European Parliament will not observe the parliamentary elections in Azerbaijan

ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններուն հետ աշխատանքը համադրող պետական յանձնախումբը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է Եւրոպական խորհրդարան, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ․Փի․Էյ․» լրատու գործակալութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Եւրոպական խորհրդարանի «կանխակալ» բանաձեւը, որ «բացայայտօրէն կ՛աջակցի յարձակողական անջատողականութեան, նաեւ կը փորձէ իրաւական նշանակութիւն հաղորդել ատրպէյճանական պատմական, կրօնամշակութային ժառանգութեան հայկականացման»:

Ըստ յայտարարութեան՝ Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթը պատրաստուած է «հայկական լոպիական խումբերու ազդեցութեամբ, եւ չ՛արտացոլացներ իրական վիճակը, կը բովանդակէ հայերու կեղծ պնդումներ` պատմակրօնական իրողութիւններու, ինչպէս նաեւ շիրմաքարերու հանդէպ ատրպէյճանական կողմին վերաբերմունքին մասին»:

«Պետական յանձնախումբը անգամ մը եւս վճռականօրէն դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանի` հայկական աղբիւրներու վրայ հիմնուած կանխակալ տեղեկութիւն տարածելու փորձերը եւ կոչ ուղղած է ապագային առարկայական բանաձեւեր որդեգրելու», կը նշէ «Էյ․Փի․Էյ․»ը:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը 10 Մարտին, 635 թեր, 2 դէմ եւ 42 ձեռնպահ քուէարկութեամբ որդեգրած էր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը բուռն կերպով դատապարտող բանաձեւ մը, որ նաեւ կը դատապարտէր Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէր` հրաժարելու առաւելապաշտական նկրտումներէ: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուէր, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չէ, եւ որ անիկա պէտք է յստակացուի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ:

Այս բանաձեւով, Եւրոպական խորհրդարանը Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը նկատէ այդ երկրին մէջ պետական մակարդակով տարուող, համակարգուած հայատեաց քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս:

Previous Post

Ուքրանահայ գաղթականներ հասած են Ժընեւ

Next Post

«Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան  փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու մօտ են»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.