ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է ընդունելու ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը, ըստ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքին, յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ վերջերս քննարկումներ տեղի ունեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան դէպի Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Աղտամ (Ակնա) եւ Ֆիզուլի (Վարանդա) շրջանները, ինչպէս նաեւ Շուշի այցելութիւններու վերաբերեալ:
«Ատրպէյճանական կողմին եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ կատարուած քննարկումներուն հիմամբ համաձայնութիւն գոյացաւ տագնապէն վնասուած Ատրպէյճանի տարածքին մէջ առաքելութիւն իրականացնելու վերաբերեալ: Ատրպէյճան պատրաստ է ընդունելու նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին առաքելութիւնը: Այս պահուն, պատասխանի կը սպասենք երկու կազմակերպութիւններէն», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: