Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաքու Պիտի Շարունակէ Խափանել Ղարաբաղի Հարցով Զբաղելու՝ Մինսքի Խմբակի Աշխատանքը․ Ալիեւ

January 13, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
I. Aliyev about peace with Armenia, peacekeepers, the Minsk Group and the Zangezur corridor

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԱՆՀԵԹԵԹ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումով զբաղող միջազգայնօրէն միակ ճանչցուած ձեւաչափին` ԵԱՀԿի (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի գործունէութիւնը: Լուրը հաղորդեց 1news.az-ը:

Ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ալիեւ հեգնանքով խօսեցաւ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան մասին` ըսելով. «Ես տեղեակ չեմ, թէ ինչո՛վ կը զբաղի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը: Կը կարծեմ, որ անոնք հիմա կը պատրաստուին յոբելենական միջոցառումներու: Ինչպէս յայտնի է, Մինսքի խումբը կազմուած է 1992ին, եւ այս տարի կ՛ամբողջանայ անոր  30ամեակը»:

Ի հեճուկս ցարդ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն կատարած յայտարարութիւններուն` Ալիեւ յայտնեց, թէ համանախագահները «այլեւս պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեամբ, որովհետեւ հարցը արդէն լուծուած է»:

Ան հաստատեց, որ Ատրպէյճան պիտի կասեցնէ Մինսքի խումբի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղելու որեւէ փորձ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան՝ ան ծաղրանքով ըսաւ. «Ըստ էութեան, (համանախագահները) արդէն 30 տարիներու աշխատանքային փորձառութիւն ունին․ անոնք թոշակառու դառնալու շեմին են: Այդ իսկ պատճառով անոնց երկար տարիներ եւ քաջառողջութիւն կը մաղթեմ»։

Միւս կողմէ,ԵԱՀԿը Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն եւ բովանդակալից երկխօսութիւն ծաւալելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճը լուծելու համար։ Այս մասին յայտնեց ԵԱՀԿի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաուի բանբեր, ԵԱՀԿի մէջ Լեհաստանի մնայուն առաքելութեան երկրորդ քարտուղար Պարթոշ Քեմփինսքի՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ինչպէ՛ս կը գնահատէ 11 Յունուարին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կատարած զինուորական սադրանքը եւ զինադադարի խախտումները, որոնց իբրեւ արդիւնք հայկական կողմը ունի երկու զոհեր։

Նշենք, որ 11 Յունուարի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կատարած սադրանքով սկսած բուռն փոխադարձ կրակոցի գօտիին մէջ, նոյն օրը, կէս գիշերին յայտնաբերուեցաւ հայ զինուորի մը դիակը՝ այդպիսով հայկական կողմի զոհերու թիւը բարձրացնելով երեքի։

«Մենք մնայուն կերպով ուշադրութեամբ կը հետեւինք Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան։ Մենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք՝ զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն եւ բովանդակալից երկխօսութիւն կատարելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճը լուծելու համար։ Լեհաստանը, իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահող, մտադիր է գործընկերներու հետ աշխատելու՝ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման եւ կայուն զարգացման ուղղութեամբ մեր ջանքերը նորացնելու եւ ամրապնդելու նպատակով։ Այդ առումով մենք պիտի աջակցինք ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն», յայտնեց բանբեր Քեմփինսքի։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած զինադադարի խախտումներուն անդրադարձան նաեւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաներ՝ շեշտելով հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ հեռաւորութեան անհրաժեշտութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու գլխաւոր խօսնակ Փիթըր Սթանոն «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջին փոխհրաձգութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, կը վերահաստատէ ուժերուն միջեւ հեռաւորութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու անհրաժեշտութիւնը»:

Ան կը շեշտէ նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աշխատի երկու կողմերուն հետ` նպաստելու հակամարտութեան համապարփակ լուծման:

Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր խոր անհանգստութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին նոր միջադէպերու եւ զոհերու լուրերուն առնչութեամբ: «Կողմերուն համար կարեւոր է լարուածութիւնը մեղմացնելը եւ գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերըը ամբողջութեամբ օգտագործելը, մասնաւորապէս` պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ թէժ գիծը, որ հաստատուած է Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ, Նոյեմբեր 2021ին», ըսաւ Քլաար՝ աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխատելու կողմերուն հետ` ուժերուն միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու համար: Կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատելու համար»:

Previous Post

«Թրքական Աշխարհը Կապուած Է Մէկ Մարմինի Գործարաններու Պէս» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Next Post

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութեամբ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.