Ստորեւ կու տանք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմումով կատարուած պետական հաշուեքննութեան վճիռը, որ կը վերաբերի թափօններու թաղման վայրին առնչութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան հետ կայացած համաձայնագիրի հիմամբ փոխանցուած գումարներուն:
Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը տարբեր առիթներու այս հարցով ներկայացուցած էր անհիմն մեղադրանքներ: Պետական հաշուեքննիչ ատեանի այս որոշումը հիմնովին կը ջրէ այդ մեղադրանքները:
Պետական հաշուեքննիչ ատեանը վերջերս տրուած վճիռով մը հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` Պէյրութի քաղաքապետութենէն գումարներու պահանջը իրաւացի է:
Նշենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը գրաւոր դիմում ներկայացուցած էր իրաւասու վերահսկիչ` ներքին գործոց նախարարին, պահանջելով, որ Պէյրութի քաղաքապետութիւնը շարունակէ կատարել վճարումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է թափօններու թաղման վայրին առնչութեամբ: Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի, այս առնչութեամբ որոշում տալէ առաջ դիմած էր Պետութեան հաշուեքննիչ ատեանին` խնդրելով անոր կարծիքը:
Ի պատասխան, ատեանը թղթածրարի ուսումնասիրութենէն եւ հարցաքննութիւններէ ետք 23 ապրիլ 2021-ին տուաւ իր «խորհրդատուական տեսակէտ»-ը, որ նախարարին ու քաղաքապետութիւններուն փոխանցուեցաւ 18 մայիս 2021-ին:
Տեսակէտ-վճիռը կը բացատրէ, որ ատեանը լուսաբանական հարցաքննութեան հրաւիրած է Շինարարութեան եւ Բարգաւաճման խորհուրդի ներկայացուցիչը, եւ խորհուրդէն պահանջած է փաստաթուղթեր, հանդիպումն ու փաստաթուղթերը հաստատած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետին տուած զեկուցումն ու փաստաթուղթերը:
Հաշուեքննիչ ատեանը եզրակացուցած է, որ.
– Նախարարաց խորհուրդի թիւ 1 որոշումը (տրուած` 12 մարտ 2016-ին, վերանայուած` 17 մարտ 2016-ին) ստեղծած է թափօններու մէկ թաղման վայր, «Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ» թաղման վայր անունով:
– Կառավարական այս որոշումին հիման վրայ համաձայնագիր ստորագրուած է Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն միջեւ, Պէյրութէն թափօնները յիշեալ վայր փոխադրելու:
– Այս համաձայնութեան հիմամբ թաղման վայրի Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող հատուածը 17 յուլիս 2017-էն 17 յուլիս 2020 ընդունած է շուրջ 335 հազար թոն:
– Մէկ եւ միեւնոյն թաղման վայրը մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել եւ ընդունիլ մայրաքաղաքէն եկած թափօնները, թէկուզ անոնք կը տեղադրուին «Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սըտ» քաղաքապետութեան տարածքին մէջ գտնուող հատուածին մէջ:
– Տեսակէտ-վճիռը աւելցուց, որ «վերոյիշեալին լոյսին տակ կարելի չէ առաջ քշել երկու քաղաքապետութիւններու համաձայնութեան
3-րդ յօդուածի Գ. պարբերութիւնը հոն կ՛ըսուի, որ համաձայնութեան գործադրութիւնը կը դադրի, երբ թաղման վայրը աշխատանքէ դադրի, մինչ թաղման վայրը մինչեւ օրս կը շարունակէ ընդունիլ մայրաքաղաքի թափօնները»:
– Ատեանը նաեւ դիտել տուաւ, որ համաձայնութեան հիմամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը յանձն առած է վերահսկել թափօններով բեռնաւորուած բեռնակառքերուն իր տարածքի մուտքէն մինչեւ թաղման վայր հասնիլն ու տեղադրուիլը:
Ատեանի որոշումը եզրափակեց դիտել տալով, որ այս համաձայնութիւնը կարելի է նկատել մասնակցութիւն դրդում կամ քաջալերանք, որպէսզի քաղաքապետութիւններ ընդունին թափօնները: Որոշումը յիշեցուց, որ նախարարաց խորհուրդը բազմիցս դիմած է այս միջոցին, 30 ապրիլ 2014-ի թիւ 280 օրէնքին հիմամբ: Հոն կ՛ըսուի, որ գումարներ կը յատկացուին այն քաղաքապետութիւններուն, որոնց տարածքին մէջ թափօններու թաղման կամ վերաթաղման գործարաններ կը կառուցուին: