ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Պերլինի Շարժապատկերի միջազգային փառատօնը՝ «Պերլինալը»ն, պաշտպանեց Արցախի հակամարտութեան վերաբերող ֆիլմին ցուցադրութիւնը, «հակաատպէճանական քարոզչութեան» մեղադրանքներու ենթախորքին վրայ:
«Black Bach Artsakh» («Սեւ Այգի՝ Արցախ» բայց, բաղի (այգի) եւ անուանի երգահան Պախի անունին հնչիւնային նմանութեան բառախաղով) ֆիլմը, որ բեմադրուած է պաղեստինցի Այրին Անասթասի եւ պարսիկ Ռենէ Կապրիի կողմէ, կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տասնամեակներու հակամարտութեան: Պախի եղանակներու կշռոյթով ընթացող 13 արարներու բաժնուած ֆիլմը կը միահիւսէ նկարահանումներ, որոնք կ՛արտացոլեն պատերազմի, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան բնոյթը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն 2007ին տարածաշրջանի հայ բնակիչներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներ։
Ատրպէյճանցիներ եւ թուրքեր բողոքած էին, որ ֆիլմը «քարոզչական» է եւ որ դէպքերը «միակողմանի կը ներկայացնէ» ու պահանջած էին զայն յայտագիրէն դուրս հանել: Յատկապէս քննադատութեան առարկայ հատուածը կը վերաբերի 1990ականներուն Արցախի հակամարտութեան՝ իբրեւ «ազատագրութեան եւ ինքնորոշման պայքար» ներկայացնելը. իսկ 2020ի վերջաւորութեան պատերազմը կ՛անուանուի՝ «Ատրպէյճանի բռնապետին ներխուժումը»:
Փառատօնը մերժեց ֆիլմը ծրագիրէն ջնջելու կոչերը՝ փոխարէնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութեան վաղորդայնին:
Այդ յայտարարութեան մէջ, փառատօնին կազմակերպիչները, ի միջի այլոց, կ՛ըսեն. «Մենք կը հասկնանք, որ ֆիլմը կը շօշափէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հակամարտութեան բարդ խնդիրներ եւ ցաւալի յիշողութիւններ», սակայն շարժապատկերին բեմադիրիչներուն ձայնը լռեցնելը յառաջանալու միջոց չէ»: