Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Կարծես տօնական մթնոլորտ մը ըլլար, աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ անհամբեր կը սպասէին սրահ մուտք գործելու: Դ. դասարանի աշակերտները արդէն ճշդուած ժամէն առաջ եկած էին` ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը:
Պէտք է նշել, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած եւ աւանդութիւն դարձած այս մրցումին կը մասնակցին հայկական վարժարաններու Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները: Այսպէս «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները` աւելի քան 200 հոգի, որոնք եկած էին հայկական հետեւեալ վարժարաններէն. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան (Ռաուտա) վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Մրցումը սկսաւ Դ. դասարանի աշակերտներով, ժամը ճիշդ 3:00-ին: Այս դասարանի աշակերտներուն համար, ինչպէս նշեցինք, մրցումը բոլորովին նորութիւն է: Անոնք անհամբեր կ՛ուզեն ապրիլ իրենց անհատական առաջին փորձառութիւնը եւ շատ լրջութեամբ, կեդրոնացած եւ բծախնդրութեամբ կը կատարեն ուղղագրութեան մրցումը:
Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր դասարանի մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի երկու նուէր, մէկը տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ, իսկ միւսը` «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի հրատարակիչին: Այս գծով մրցումին սկիզբը իւրաքանչիւր դասարանի քանի մը բառով ներկայացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի թիւ 1 «Խրիմեան Հայրիկ» եւ թիւ 2 «Սողոմոն Թեհլիրեան» հատորներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւն` անդրադառնալէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ անոր հիմնադիր Արամ Մանուկեանին, որուն անունը կը կրէ մատենաշարը: Դ. դասարանի աշակերտներէն ետք սրահը յաջորդաբար գրաւեցին Ե. դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ Զ. դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին:
«Փիւնիկ» սրահին մէջ տիրած հայաշունչ ու ապագայ խոստացող մթնոլորտը արդիւնք էր ծնողք, դպրոց ու մամուլ միացեալ գործակցութեան: Արդարեւ, մեր սիրելի ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու ուսուցչական կազմերու գործակցութեան ու պարտաճանաչութեան շնորհիւ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը կը յաջողի իրականացնել այս ու նմանօրինակ մրցումները` սատարելով մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան եւ անոր մօտ արթնցնելով ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:
Առ այդ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անխտիր բոլորին` ծնողք թէ հայկական վարժարաններու պատասխանատուներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն սատարելու հայապահպանման գործին` քաջալերելով մեր կազմակերպած ձեռնարկները: Բայց յատուկ շնորհակալութիւն մեր մատղաշ սերունդին, որ ամէն տարի նոյնքան խանդավառ կու գայ մասնակցելու մրցումին` իր կարգին ներկայիս անգիտակցաբար օգտակար դառնալու հայապահպանման աշխատանքին եւ անուղղակիօրէն սորվելու, ապագային ինք ձեռնարկելու եւ ղեկավարելու համար նմանօրինակ աշխատանքներ: Ձե՛ր վարձքը կատար, սիրելի՛ փոքրիկներ: