ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Շօպիզ 411» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Օսքար» մրցանակին արժանացած դերասան Քրիսչըն Պէյլ եւ «Օսքար» մրցանակի թեկնածու դերասան Օսքար Այզիք գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն միլիառատէր բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ արտադրուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկերին մէջ։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ ֆիլմին բեմադրութիւնը պիտի կատարէ «Հոթել Ռուանտա» ֆիլմի բեմադրիչը՝ Թերի Ճորճը։
Ֆիլմը պիտի ըլլայ «Տաքթըր Ժիվակօ»ի եւ «Ռետզ»ի օրինակով սիրոյ պատմութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն։