Հանդիպումներէն ետք Զաքի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերը Ծոցի երկիրներուն հետ հեզասահ յարաբերութիւններու կառչած կը մնան:
Ան աւելցուց, որ ինք լիբանանեան քաղաքական ուժերու հետ հանդիպումներ չէ ունեցած` շեշտելով, որ իրենք կը սերտեն Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապին լուծման կարելիութիւնները:
Ան հաստատեց, որ բոլորը պէտք է Լիբանանի ազգային շահերը ամէն բանէ վեր նկատեն:
Առաւօտեան Զաքի այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան կեցուածքներուն եւ անհատներու ու խմբաւորումներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն միջեւ տարբերակում կատարելու:
Նախագահ Աուն ողջունեց Արաբական լիկային կողմէ առաջադրուող որեւէ ճիգ, որուն նպատակն է Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները վերահաստատել:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ սրտբաց երկխօսութիւնը նման պարագաներու ընթացքին լաւագոյն միջոցն է` լուծելու երկու պետութիւններուն միջեւ ստեղծուած տագնապը:
Իր կարգին, Զաքի հաստատեց, որ Արաբական լիկային նպատակն է լիբանանեան-սէուտական տագնապին առումով յանգիլ ելքի մը, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարել:
Ան աւելցուց, որ եթէ Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան կարիքը զգացուի, ապա ինք պատրաստ է այդ այցելութիւնը կատարելու: «ՊԷտք է տագնապին լուծման կարելիութիւնը շօշափենք, իսկ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է», ըսաւ Զաքի:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումէն ետք Զաքի վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն համար կարեւոր են` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, որ Արաբական լիկային ի գործ դրած ջանքերը կրնան յաջողութեամբ պսակուիլ եւ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը լուծել:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ Ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ դարձնելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Եմէնի տագնապին առումով Արաբական լիկայի տուած բոլոր որոշումներուն:
Զաքի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Զաքի շեշտեց, որ Գահիրէ վերադառնալէ ետք պիտի արժեւորուի իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքը, որուն լոյսին տակ պիտի որոշուի առնուելիք յաջորդ քայլը:
Զաքի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որ հաստատեց, որ արաբական լիկան է Լիբանանի եւ Արաբական երկիրներուն միջեւ կապը` աւելցնելով, որ Արաբական լիկային ջանքերը կը վայելեն իրենց զօրակցութիւնը:
Իր կարգին, Զաքի հաստատեց, որ Արաբական լիկան ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները վերստին ամրապնդելու:
«ՄԱՅԱՏԻՆ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Զաքի Հըզպալլայի պատասխանատուներուն առաջարկած է, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի մօտիկ նախարարները վերադառնան կառավարութեան նիստերուն եւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի պաշտօնազրկումին դէմ քուէարկեն: Նոյն կայանին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատուները մերժեցին Զաքիի առաջարկը` հաստատելով, որ սկզբունքով իրենք կառավարութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած են դատաւոր Թարեք Պիթարի հարցով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը վարչապետ Նեժիպ Միքաթին կ՛ամբաստանէ Լիբանանի ճակատագիրը բախտախաղի վերածելու յանցանքով: Միւս կողմէ, սէուտական հեղինակութիւններ կը հաստատեն, որ Լիբանանի որեւէ կառավարութեան հետ կարելի չէ գործակցիլ, այնքան ատեն որ երկրին վերջնական որոշումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի: