Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ . «Լիբանան Զգայուն Փուլ Մը Կը Դիմագրաւէ, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Կառավարութեան Հետ Գործակցելու` Բոլոր Մարզերուն Մէջ » Ընդգծեց Լարիժանի

February 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Iran throws support behind Lebanon’s government

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, որ նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

Լարիժանիի պաշտօնական այցելութիւնները սկսան կէսօրին, երբ ան, ընկերակցութեամբ իրանեան պատուիրակութեան, ուղղուեցաւ Պաապտա եւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Լարիժանի նախագահ Աունին յանձնեց նամակ մը` յղուած Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի կողմէ:

Նամակը կ՛անդրադառնար լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն եւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի կ՛ուղղէր Իրան այցելութեան հրաւէր մը:

Լարիժանի իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Լարիժանի ընդգծեց Լիբանանին օժանդակելու Իրանի պատրաստակամութիւնը, յատկապէս երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու նպատակով:

Իր կարգին նախագահ Աուն Լարիժանիէն խնդրեց իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել Ռուհանիի եւ իրանցի բարեկամ ժողովուրդին` Իրանին մաղթելով յաջողութիւն եւ կայունութիւն:

Ապա անոնք քննարկեցին շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպերն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի իրավիճակը:

Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն ու անոնց տունդարձի անհրաժեշտութիւնը` մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ շրջաններուն մեծ մասը արդէն իսկ ազատագրուած է:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց իրանցի իր պաշտօնակիցն ու անոր ընկերակցող իրանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ զօրութիւնը միասնականութեան մէջ է: «Լիբանանցիներուն, շրջանի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական երկիրներու ժողովուրդներուն դիմաց ոչ մէկ ընտրանք կայ, բացի միասնականութեան, երկխօսութեան եւ գործակցութեան տրամաբանութեան կառչելէ», ըսաւ Պըրրի:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Լարիժանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եղան Պըրրիի ճաշի հիւրերը:

Տիապի Մօտ

Յետմիջօրէին Լարիժանի ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:

Լարիժանի հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Ներկայ էր նաեւ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆիրուզնիա:

Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները դիմադրելու միջոցները:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Լարիժանի իրանեան դեսպանատան մէջ ընդունեց պաղեստինեան ուժերուն ու խմբաւորումներուն ղեկավարները, որոնց հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Պաղեստինեան դատին ու «Դարու գործարք»-ին վերաբերող հարցեր:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Լարիժանի իրանեան դեսպանատան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան զգայուն փուլ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են կառավարութեան հետ գործակցելու` բոլոր մարզերուն մէջ, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ դիմագրաւել երկրին սպառնացող դժուարութիւնները:

Լարիժանի յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Իրանի առաջարկները տակաւին առկայ են: «Մենք չենք թաքցներ Դիմադրութեան մեր զօրակցութիւնը, իսկ այսօրուան մեր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեցինք ճարտարարուեստի, տնտեսութեան եւ երկրագործութեան մարզերուն վերաբերող այն օժանդակութիւնները, զորս կրնանք տրամադրել», ըսաւ ան:

Լարիժանի շեշտեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը ահաբեկչութիւն է, ինչպէս նաեւ քստմնելի ու անարգ ոճիր մը, որ խստիւ դատապարտելի է: «Այդ գործողութեան ոճը ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու տկարութիւնը, որովհետեւ ան այլ ձեւով չկրցաւ իրականացնել իր նպատակը: Մ. Նահանգներ պէտք է գիտնան, որ Իրան յաւելեալ յանձնառութեամբ կը մօտենայ իր նպատակներու իրագործումին, իսկ այդ յանձնառութեան փաստը կը նկատուի իրանեան վարչակարգին նեցուկ կանգնող եւ Իրանի փողոցները ողողող ժողովրդային քայլարշաւները», ըսաւ ան:

Լարիժանի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներուն կարելի է վստահիլ միայն այլոց վնաս հասցնելու համար` աւելցնելով, որ անոնք սիոնականներուն կը զօրակցին շրջանին մէջ իրենց իշխանութիւնը պարտադրելու նպատակով:

«Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք զայն այդպէս նկատել: Եթէ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը չըլլար, ապա Իսրայէլ կը յանդգնէր լիբանանցիներուն հաշուոյն յաւելեալ ոճիրներ գործել», ըսաւ ան:

Լարիժանի յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս ելեկտրականութեան հարցէ կը տառապի, եւ այս շրջագիծին մէջ կրնայ օգտուիլ Իրանի տրամադրած ծառայութիւններէն` լուծելու համար իր հարցերը: «Նոյնը կը վերաբերի նաեւ դեղորայքի մարզին», ըսաւ ան:

Իրանի պաշտօնատարը յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան եւ իրանեան համալսարաններուն միջեւ գործակցութեան ոչ մէկ արգելք կը տեսնէ:

Previous Post

117 Physicians From 18 Countries Demand Assange’s ‘Torture’ be Ended ‘Before It’s Too Late’

Next Post

Trust Issues? ‘US is Not Going to Solve Geopolitical Crises Around Europe Anymore’ – Scholar

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.