Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան երէկ հաստատեց, որ Պէյրութ այցելութեան իր կարգախօսն է` «Մեզի օգնեցէ՛ք, որպէսզի օժանդակենք ձեզի»:
Նախանցեալ գիշեր Լիբանան հասած ֆրանսացի պաշտօնատարը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի ակնկալութիւնն է, որ բարեկարգումներն ու փտածութեան դէմ պայքարը շարունակուին:
Լոտրիան հաստատեց, որ Ֆրանսա անշեղ կը մնայ Լիբանանին օժանդակելու իր սկզբունքէն` աւելցնելով, որ «Սետր»-ի ազդակները կարելի է աշխուժացնել, պայմանով որ Լիբանան իր խոստացած բարեկարգումները կատարէ:
Նշենք, որ Լոտրիան նախագահ Աունին յանձնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն բերանացի նամակ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս եղած է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Լոտրիան ընդգծեց նաեւ, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Լիբանանի մէջ գործող 40 ֆրանսական դպրոցներու:
Տիապի Մօտ
Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Լոտրիան ուղղուեցաւ վարչապետարան:
Վարչապետ Հասսան Տիապի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ի տես կառավարութեան աշխատանքը:
Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարգ մը բարեկարգումներ գործադրած է եւ նոյն ուղիով ալ պիտի շարունակէ:
Վարչապետը Լոտրիանին յայտնեց, որ Լիբանանի ակնկալութիւնն է, որ Ֆրանսա ելեկտրականութեան թղթածրարին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հարցով օժանդակէ Լիբանանին, «իսկ մենք պիտի շարունակենք թափանցիկ բարեկարգումները գործադրել», ըսաւ ան:
Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը` ընկերակցութեամբ դեսպան Ֆուշէի:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մահմուտ Պըրրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
Լոտրիան-Հըթթի Հանդիպում