Դատական հարցաքննութեանց ծիրին մէջ, անցնող 4 օգոստոսին Լիբանանը ցնցած եւ հարիւրաւոր զոհեր ու ծանր կորուստներ պատճառած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան, երէկ հարցաքննութեան կոչ ուղղեց երկրի բարձրաստիճան պատասխանատուներու` հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, աշխատանքի նախկին երկու նախարարներու` Եուսեֆ Ֆինիանոսի եւ Ղազի Զաայթերի եւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի հասցէին` իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին թերացման եւ անփութութեան մեղադրանքներով:
Դատական գերագոյն խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ սահմանադրական օրէնքի տրամադրութեանց հիման վրայ, դատախազ Սուուան յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի այցելէ վարչապետարան, ուր պիտի հարցաքննէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Իսկ մեղադրեալ նախարարները դատարան պիտի ներկայանան հերթաբար` յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը:
Պայթումէն հինգ օր ետք դէպքին ծալքերուն շուրջ խոստացուած բացատրութիւնը հինգ ամիս ետք դատական հայցով ներկայացաւ երկրի իշխանութեանց դէմ, փոխադարձ մեղադրանքներով կուտակուած` զգալի աղմուկ բարձրացնելով խնդրոյ առարկայ կողմերուն եւ առհասարակ քաղաքական ընտրանիին մօտ: Իր հաղորդագրութեան մէջ Դատական գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ նախապէս` 24 նոյեմբեր 2020-ին խորհրդարան յղած է յուշագիր մը` կարգ մը կասկածելի անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացման պահանջով, սակայն խորհրդարանի ղեկավարութիւնը մերժած են ընդառաջել` առարկելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով մեղադրելի անձնաւորութիւն չկայ խորհրդարանի կազմին մէջ:
Դատաւոր Սուուան նոյն հարցով երեք ժամ տեւողութեամբ հարցաքննած է առնչակից նախկին ապահովական պատասխանատուներէն գնդապետ Թոնի Սալիպան:
Հակազդելով իր հասցէին ուղղուած մեղադրանքին` հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` շեշտելով, որ ինք կապ չունի նշեալ պայթումին հետ, եւ իր «խիղճը հանգիստ է»: Տիապ փոխադարձաբար քննադատեց դատախազ Սուուանը, թէ ան անտեսած է սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ անձէն անդին վարչապետի՛ն հանգամանքն է, որ թիրախաւորած է: «Ասիկա արտօնելի չէ եւ վերջակէտ», շեշտեց Տիապ: Նոյն ծիրին մէջ, խորհրդարանական «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» պլոքի անդամ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, թէ իրենք միշտ յայտնած են, որ օրէնքի տրամադրութեան տակ են:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քննադատեց դատախազ Սուուանի այս քայլը` նշելով, որ «երկու չափ, երկու կշիռ» քաղաքականութեամբ արդարութիւն չի հաստատուիր: Այլ աղբիւրներ հարցադրումներ կատարեցին, թէ նախագահ Միշել Աուն եւս պաշտօնապէս տեղեակ պահուած էր նաւահանգիստին մէջ վտանգաւոր պայթուցիկ ամոնիոմ նիթրաթի գոյութեան մասին, արդ «ինչո՞ւ ինք ալ հարցաքննութեան չ՛ենթարկուիր»:
«Այս խմորը բաւական ջուր պիտի վերցնէ», կ՛ըսէ առածը, եւ իրապէս` նախընթաց կազմող դատական այս հարցը կրնայ փոխադարձ «ցեխարձակումներու» դուռ բանալ եւ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը վրիպեցնել ոչ նուազ կարեւոր` կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջէն: Փաստօրէն, դատական նշեալ խորհուրդը կը նշէ, թէ իր հետաքննութեանց ընթացքին կապ պահած է առնչակից տեղական թէ արտաքին պատկան մարմիններուն հետ, յաւելեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններու հայցով: Սակայն ֆրանսական կողմը , որ միաժամանակ ի՛ր հետաքննութիւնը կը կատարէ, պատասխանած է, որ դէպքին գծով արբանեակային նկարահանումներու արդիւնքները հազիւ յառաջիկայ փետրուար-մարտ 2021-ին կը հրապարակուին, նմանապէս եւ քննութեանց եզրայանգումները:
Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրան զգուշացուց, որ յառաջիկայ փետրուար եւ մարտ ամիսները խիստ զգայուն, վտանգաւոր կը նկատուին Լիբանանի համար: Զահրան դատաւոր Սուուանին թելադրեց կարդալ ֆրանսական հետաքննութեանց տեղեկագիրը: Անոր այս զգուշացումները կը զուգադիպին ապահովական այլ աղբիւրներու զգուշացումներուն, ըստ որոնց, խոր մտավախութիւն կայ` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պայթումին տարողութիւնը գերազանցելիք ապահովական ցնցումներու գծով:
Լիբանանցիի առօրեայ քաղաքական, առողջապահական, տնտեսական, ապրուստի եւ առհասարակ կենցաղային մտահոգութիւններուն վրայ աւելցաւ «անկոչ հիւր» մը եւս, որ նոյնքան մտահոգիչ մղձաւանջի կրնայ մատնել քաղաքացիին կեանքը: