Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին քննարկելու համար հրաւիրուած խորհրդարանի լիագումար նիստը երէկ առկախուեցաւ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գիտնալով հանդերձ, որ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը պիտի չներկայանայ նիստի, օր մը առաջ չյետաձգեց նիստը, այլ` առկախեց զայն, երբ ի յայտ եկաւ, որ միայն 39 երեսփոխաններ ներկայացան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ` ներկայ գտնուելու համար խորհրդարանի նիստին:
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը առկախուած է օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` մերժելով գումարուելիք նիստը եւ պահանջելով բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը:
Անոնք ուղղուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին ու Վերտանի միջեւ գտնուող փշաթելերուն կողմը եւ հաստատեցին, որ իրենց շարժումները պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կարենան անձեռնմխելիութենէ զրկել բոլորը:
Նահատակներուն հարազատները յայտնեցին, որ խորհրդարանի երէկուան լիագումարը ամօթի նիստ էր:
Նիստին առկախումը յայտարարելէ ետք, նահատակներուն ընտանիքները հեռացան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջակայքէն` առկախման որոշումը նկատելով «ժամանակաւոր յաղթանակ»:
Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստի կայացման արգելքը օրինաթիւի չգոյութեան խնդիր չէ, այլ` սահմանադրութեան ջնջում:
Ան հաստատեց, որ նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն վարուելակերպը ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւն է, որ ճշմարտութեան կամ արդարութեան չի հասցներ, այլ` յաւելեալ երկփեղկում կը պատճառէ եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը կը սրէ:
Մաշնուք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատէն մեկնելէ ետք ուղղուեցաւ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի գրասենեակը, ուր յստակ դարձաւ, որ դատախազը ներկայ չէ:
Ապա Մաշնուք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պիթարի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց վկայութիւն տալու անոր, սակայն դատախազ Պիթար դարձեալ մերժեց:
Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ ինք Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին եւ քանդումին, ինչպէս նաեւ զոհերուն թափած արեան մեղսակից չէ:
Ֆընիանոս յայտնեց, որ ինք Արդարութեան պալատ ներկայացած է գիտնալով հանդերձ, որ իր դէմ քաղաքական ամբաստանութիւններ կրնան արձանագրուիլ:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտին դիմաց բոլորը գլուխ կը ծռեն: «Որովհետեւ երկրին սահմանադրութիւնը կը յարգենք, մեր կատարեալ յանձնառութիւնը յայտնեցինք նաւահանգիստի թղթածրարին: Այս առումով մենք պատասխանատու ենք նահատակներուն արեան, եւ արձանագրուած զոհերը մեր պարանոցները սեղմող պատասխանատուութիւններէն են», ըսաւ Խալիլ եւ կոչ ուղղեց, որ յանցագործները ճշդուին եւ անոնք ենթարկուին պատիժներու, որքան ալ բարձր ըլլայ անոնց պաշտօնը: «Ապահովագրութեան ընկերութիւններու գործակատար մը չի կրնար ճշմարտութիւնը պաշտպանել: Մենք ճշմարտութիւնը կը փափաքինք բացայայտել կառչած մնալով սահմանադրութեան, եւ անձեռնմխելիութիւններու ետին չենք պահուըտիր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է Մուսթաքպալի պլոքի այն առաջարկին, որ հանրապետութեան նախագահէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն փոքր պաշտօն ունեցող պետական անձնաւորութիւնը անձեռնմխելիութենէ զրկուի:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ արդարութեան նախկին նախարարները պէտք է հարցաքննութեան կանչուին:
ՆՇԵՆՔ, որ կարգ մը ցուցարարներ երէկ ներխուժեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատ եւ պահանջեցին, որ դատաւորները քաղաքական իշխանութենէն անկախ գործեն, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով: Անոնք ընդգծեցին թափանցիկ աշխատանքին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ դատական իշխանութիւնը պէտք է պահանջէ պետական անձնաւորութիւնները անձեռնմխելիութենէ զրկել եւ անկախ հետաքննութիւնը շարունակել, մինչեւ ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումը: