Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մոմավառութիւն կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, երեսփոխաններ Ալեքսան Մաթոսեանի, Յակոբ Թերզեանի, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, թաղապետներու, հոգեւոր հայրերու, ինչպէս նաեւ` կուսակցական, ընկերային եւ հասարակական ներկայացուցիչներու: Լիբանանի ազգային քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ Պասսամ Քիուան, Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մզկիթի իմամ շէյխ Հայտար Նաժըմ եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան հերթաբար իրենց աղօթքներն ու հոգեւոր խօսքերը ուղղեցին:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով հանդէս եկաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան` ընդգծելով իրականութեան բացայայտումի անխուսափելիութիւնն ու արդարութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
«Իրականութիւնը զոհերուն եւ ժողովուրդին բնական իրաւունքն է, իրաւունքը` բոլոր պատասխանատուներէն, առանց բացառութեան», շեշտեց Գրիգորեան: «Մենք համոզուած ենք, որ այս պայքարող ժողովուրդը, որ աշխարհի չորս ծագերուն կառուցեց ու լոյս սփռեց, պիտի չզլանայ վերակառուցելու իր երկիրը` գործակցաբար բոլորին հետ» ընդգծեց Գրիգորեան:
Այս առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն իր խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ. «Այս ցաւալի տարելիցի նախօրեակին ժամադրուած ենք երկիւղածութեամբ աղօթելու, ժամադրուած ենք մեր քրիստոնէական հաւատքէն սորված արդարութեան հետ: Արդարեւ, չկայ հաւատք առանց արդարութեան ու չկայ արդարութիւն առանց հաւասարութեան, քանզի հաւասարութիւնը արդարութեան հենքն է ու հոսկէ` այս ոճիրին զոհ գացած ոեւէ նահատակի արեան մէկ կաթիլը շատ աւելի թանկ է, քան բոլոր անձեռնմխելիութիւններն ու մեղսակից բոլոր պատասխանատուները», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Մենք անձեռնմխելիութեան վերացման հետ ենք, եւ անոր կարիքը չկայ, քանի որ օրէնքին առջեւ բոլորս հաւասար քաղաքացիներ ենք, եւ արդարութիւնը կը բխի հաւասարութենէն»: