Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն շաբաթ մը ետք երկրին մէջ կը տիրէ անմխիթար իրավիճակ:
Պայթումին պատճառով տակաւին մեծ թիւով անյայտ կորսուածներ կան, իսկ ծանրօրէն վիրաւորուած պարագաներէն ամէնօրեայ դրութեամբ զոհեր կ՛արձանագրուին:
Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասած է 171-ի, իսկ անյայտ կորսուածներուն թիւը կը տարուբերի 30-40-ի միջեւ:
Նախարարութեան համաձայն, 6000 վիրաւորներէն 1500-ը բծախնդիր բժշկական խնամքի կը կարօտին, իսկ 120-ը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
Պէյրութի հսկայական պայթումին իբրեւ հետեւանք, լիբանանահայութիւնը եւս ունեցաւ իր մարդկային կորուստները, որոնք են 13 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:
Լիբանանահայ նահատակներն են. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պեզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժաք Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տեկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան, Սարգիս Թէքիլեան, քոյր Սոֆի Խոսրովեան եւ Արամ Սարգիսեան:
Պայթումին ուղղակի հետեւանքներուն ենթարկուած քաղաքացիներ մնացած են անօթեւան, իսկ պայթումին ցնցումը տակաւին կը հալածէ քաղաքացիները, որոնք երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ համախմբուեցան պայթած նաւահանգիստին դիմաց գտնուող Արտերկրի լիբանանցիի յուշարձանին շուրջ, եւ ժամը 6:06-ին, այսինքն` այն ժամուն, երբ նաւահանգիստի հսկայական պայթումը պատահած էր, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, աղօթքով, եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջով եւ նամազով յարգեցին պայթումին պատճառած նահատակներուն յիշատակը:
Ապա կարդացուեցան պայթումին պատճառած բոլոր զոհերուն անունները:
Նշենք, որ տեղի ունեցաւ նաեւ մոմավառութեան արշաւ մը` Ժըմմէյզիէն Մար Մխայէլ:
Ցորենի շտեմարանին կիսականգուն պատերուն եւ պայթումին գործուած աւերակներուն կից իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն յիշատակը յարգած քաղաքացիները երգեցին Լիբանանի քայլերգը, ապա ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր անոնք պահանջեցին խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ:
Կարգ մը ցուցարար երիտասարդներ ամէնօրեայ իրենց «կռիւը» մղեցին ապահովութեան ուժերուն դէմ` փորձելով քանդել դէպի խորհրդարան տանող մուտքերուն երկաթեայ պատնէշները:
Ցուցարարները քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ պայթուցիկներ տեղացուցին անոնց վրայ: Ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին ցուցարարները փորձեցին ցրուել` անոնց վրայ արցունքաբեր կազ նետելով:
Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտնեց, որ բախումներուն իբրեւ հետեւանք հիւանդանոց փոխադրուած են 10 վիրաւորներ, իսկ 32 ուրիշներ տեղւոյն վրայ բուժուած են:
Նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը դատական իշխանութիւններուն կողմէ կը շարունակուի:
Դատական իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր ընդհանուր դատախազութեան մօտ ձերբակալուած պիտի մնայ, նոյնիսկ եթէ անոր հարցաքննութենէն 48 ժամեր անցած են, որովհետեւ այդ պայթումին թղթածրարը փոխանցուած է Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին փոխանցելու հրամանագիրը:
Նախագահ Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ նաւահանգիստի պայթումէն շաբաթ մը ետք ինք կը վերահաստատէ լիբանանցիներուն կատարած իր խոստումը, թէ պիտի չհանգստանայ, մինչեւ որ այդ աղէտին բոլոր ծալքերը բացայայտուին, «իսկ պայթումի թղթածրարին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդ փոխանցումը այդ խոստումը գործադրելու ուղղութեամբ առաջին քայլն է», հաստատեց նախագահ Աուն:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց նաւահանգիստ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրինման եւ յանձանձումի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն իր խօսքը սկսաւ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:
«Մենք պէտք է յառաջ ընթանանք եւ փիւնիկի նման յառնինք: Նաւահանգիստը Լիբանանի կենսական թոքն է, եւ պէտք է բազմապատկել ջանքերը, որպէսզի աշխատանքը նոյն թափով ընթանայ, գէթ նաւահանգիստի այս բաժինին մէջ, որ համեմատաբար աւելի քիչ վնասուած է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն զգուշացուց նաւահանգիստին մէջ գոյութիւն ունեցող վտանգաւոր այլ նիւթերէ` պահանջելով խուզարկել բոլոր բեռնարկղերը:
«Լիբանանեան բանակը իր բոլոր կարողութիւնները կը զետեղէ Պէյրութի նաւահանգիստին տրամադրութեան տակ, որպէսզի առաւելագոյն ձեւով օժանդակէ անոր: Պէտք է նաւահանգիստը իր դիրքը վերականգնէ, որպէսզի հայրենիքին նկատմամբ լիբանանցիին վստահութիւնը վերականգնուի: Մենք միշտ կը զօրակցինք լիբանանցիներուն եւ նաւահանգիստէն ամբողջ աշխարհին պիտի արտածենք մեր հայրենիքին նկատմամբ մեր վստահութիւնը», շեշտեց զօր. Աուն:
Իր կարգին, Քայսի շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստը իր կամքն ու ուժերը կը հաւաքէ` վերսկսելու համար աշխատանքի:
Քայսի ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ նաւահանգիստի բոլոր վարչութիւնները գործեն, եւ հասնող նաւերուն եւ անոնց բեռներուն ստանձնումի աշխատանքը հեզասահութեամբ ընթանայ:
«Նաւահանգիստին վիճակը աստիճանաբար կը բարելաւուի եւ ճիգ պիտի չխնայուի, որ ան վերադառնայ իր նախկին աշխուժութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր առանցքային դերակատարութեան», ըսաւ Քայսի:
Ան հաստատեց, որ նաւահանգիստին անձնակազմը կազմ ու պատրաստ կ՛աշխատի եւ ապահովական կառոյցներուն հետ կը գործակցի», ըսաւ ան:
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը նաւահանգիստին մէջ իր գրասենեակը ունեցաւ 2019-ի ապրիլին:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ այդ գրասենեակին պարտականութիւնն էր փտածութեան դէմ պայքարիլ: «Այս շրջագիծին մէջ, Պետական անվտանգութեան գրասենեակը որոշ բացթողումներ նշմարեց, յատկապէս` թիւ 12 պահեստանոցին մէջ եւ իր հետախուզութիւնները կատարեց ու այդ մասին իր հրամանատարութիւնը տեղեակ պահեց: Օրէնքը արդարութիւն պիտի պարտադրէ անոր, որ լուռ կ՛աշխատի եւ պիտի պատժէ անոր, որ հետաքննութեան ուղին փորձած է շեղել, ինչպէս նաեւ իր պարտականութիւններուն մէջ թերացած է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ նախագահ Աուն եւ նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ անցեալ ամսուան ընթացքին լիբանանեան ապահովական պատասխանատուներու կողմէ զգուշացումներ ստացած են, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 2750 թոն ամոնիոմ նայթրէյթ գոյութիւն ունի եւ անիկա ապահովական վտանգ է, որովհետեւ պայթելու պարագային կրնայ քանդել մայրաքաղաքը:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով 70 հազար բնակարան քանդուած է:
Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Ժատ Թապեթ իր կարգին յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ կան 40 շէնքեր, որոնք փուլ գալու ենթակայ են` աւելցնելով, որ իրենք կազմած են 650 ճարտարապետներու խումբ մը եւ աշխատանքի լծուելու առումով կանաչ լոյսի կը սպասեն:
Նշենք, որ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ շեշտեց, որ Պէյրութի քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժանմունքը շրջանի շէնքերուն եւ կառոյցներուն վնասներու գնահատում պիտի կատարէ:
«Հնութիւն նկատուող շէնքերու սեփականատէրերուն արտօնագիր պիտի չյանձնենք, որպէսզի անոնց փոխարէն արդիական եւ նորակառոյց շէնքեր չկառուցուին», հաստատեց ան:
Երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ շեշտած Լիբանանին օժանդակելու Իսրայէլի պատրաստակամութիւնը:
Նեթանիահու յայտնեց, որ ինք Մաքրոնին ըսած է, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նման այլ աղէտներ կանխարգիլելու համար Հըզպալլա իր մթերած հրթիռներն ու պայթուցիկ նիւթերը պէտք է հեռացնէ Լիբանանի բնակելի շրջաններէն:
Շուքրի Եւ Սաֆատի Այցելեցին Լիբանան
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտին առումով Լիբանան այցելեցին Եգիպտոսի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարներ Սամեհ Շուքրին եւ Այման Սաֆատին:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են լիբանանցիներուն զօրակցելու` հաստատելով, որ իրենք համոզուած են, թէ Լիբանան կարողութիւն ունի այս աղէտը շրջանցելու եւ նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք երկրին դէմ ծառացած տագնապները յաղթահարելու:
«Կան կուտակումներ, որոնք տառապանք եւ մարտահրաւէր պատճառած են, եւ անհրաժեշտ է աշխատիլ լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնները ապահովելու», ըսաւ ան:
Շուքրի ընդգծեց, որ Եգիպտոս օդային կամուրջ պիտի հաստատէ Լիբանանի հետ` մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու: «Մենք պատրաստ ենք միշտ լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցելու», ըսաւ ան:
Շուքրի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանին պիտի ներկայացնեն ամէն տեսակի օժանդակութիւն, յատկապէս Պէյրութի վերակառուցման մէջ Գահիրէի ստանձնելիք բաժինին առումով:
Շուքրի մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Ան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց Եգիպտոսի օժանդակութիւնը, յատկապէս դաշտային հիւանդանոցներ տրամադրելու գործնական քայլը:
Շուքրի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի հետ:
Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Շուքրիի այցելեցին նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, հրաժարեալ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ Մըլհեմ Ռիաշի:
Ժեմայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Գահիրէի` անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Միւս կողմէ, Ռիաշի յայտնեց, թէ Շուքրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական:
Շուքրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերն ու տագնապները:
Նշենք, որ Շուքրի ստուգեց նաեւ դաշտային հիւանդանոցը, որ տրամադրուած էր Լիբանանին:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի այցելեց նախագահ Աունի, որուն յայտնեց, թէ Լիբանանը հարուածած աղէտը նոյնքան ծանր է Յորդանանի համար` աւելցնելով, որ Յորդանանի տրամադրած դաշտային հիւանդանոցը պիտի մնայ այնքան ատեն, որ Լիբանան անոր կարիքը ունի:
Ան հաստատեց, որ Յորդանանէն Լիբանան պիտի հասնին օդանաւեր, որոնք պիտի փոխադրեն մարդասիրական օժանդակութիւն: «Լիբանան պայթումին հետեւանքները առանձինն պիտի չկրէ», ըսաւ Սաֆատի:
Ան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սաֆատի ընդգծեց, որ Յորդանան միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Նշենք, որ Սաֆատի այցելեց Յորդանանի տրամադրած դաշտային հիւանդանոցը, որ զետեղուեցաւ Տըքուանէի մէջ:
Մինչ օտար պաշտօնատարներու այցելութիւնները կը շարունակուին, այլ պետութիւններ կը շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները կատարել Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին:
Օժանդակութիւններու առումով չեխական դեսպանատունը յայտարարեց, որ բժշկական պիտոյք փոխադրող երկու օդանաւեր հասած են Լիբանան` աւելցնելով, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Պէյրութի հիւանդանոցներուն:
Միւս կողմէ, սպանական օդանաւ մը վեց թոն ալիւր փոխադրեց Լիբանան եւ այդ օժանդակութիւնը յանձնեց լիբանանեան բանակին:
Հարաւային Քորէան որոշեց 4 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանին, իսկ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուած քանատական օժանդակութիւնը 30 միլիոն տոլարի պիտի բարձրացնէ:
Պըրրի Նախագահեց Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում
Պլոքի Արտակարգ Նիստին Եւ Ընդունեց Ժոմպլաթը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կոչ ուղղեց արագ կերպով կազմելու նոր կառավարութիւնը, վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու լիբանանեան ծերակոյտը:
Երեկոյեան Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի համար կառավարութիւն մը ունենալը անհրաժեշտութիւն է` հաստատելով, որ կառավարութեան անուանումը ոչ մէկ տարբերութիւն կ՛ընէ, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ ինք ոչ մէկ նախապայման ունի նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս կազմելու առումով:
«Պայման է սակայն, որ այդ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը ըլլայ տնտեսական կացութիւնը բարելաւել, Պէյրութը վերակառուցել եւ բարեկարգումներ կատարել», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք վարչապետի յստակ թեկնածու չունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով պիտի համագործակցի Պըրրիի հետ:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը արագ թափով կը տարածուի` ընդգծելով արտակարգ դրութիւն յայտարարելու կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրած է նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Պէյրութի մէջ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակը:
Հզօր Լիբանան Համախմբումը Դրուատեց
Լիբանանի Օժանդակութեան Փարիզի Խորհրդաժողովը
Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ համախմբումը պահանջեց քրէական խիստ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ` իմանալու համար պայթումին ծալքերը, եւ ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները:
Համախմբումը ընդգծեց, որ պետութիւնը պատասխանատու է քանդուած թաղամասերն ու բնակարանները վերակառուցելու:
Համախմբումը դրուատեց Լիբանանի օժանդակութեան Փարիզի խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ դիւրացնելու համար նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Կառավարութեան կազմութեան առումով, կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Պասիլ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ փուլը դիմագրաւելու պատկերացումները:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Պասիլ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած էր գրառում մը, որուն մէջ հաստատած էր, որ պէտք է կազմել արդիւնաբեր եւ աշխուժ կառավարութիւն մը` ընդգծելով, որ իրենք պիտի գործակցին եւ պիտի դիւրացնեն նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Նշենք, որ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործէ երկրին սահմանադրութեան թիւ 64-րդ յօդուածին համաձայն, այսինքն` պիտի գործէ իբրեւ ընթացիկ գործերու կառավարութիւն:
Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութեան երեսփոխանական պլոքը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեհրապի մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: