ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Մոսկուայի մէջ, 20 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը: Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը գրէ, թէ Փութին շեշտեց, որ «եթէ կ՛ուզենք կարգաւորում, պէտք է յառաջանանք փոխզիջումային լուծումներ գտնելու ճամբով»:
«Անշուշտ, ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը կը մնայ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորումը: Գիտեմ, որ դուք, բնականաբար, շատ մեծ ուշադրութիւն եւ կարեւորութիւն կու տաք այդ հարցին, եւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ փոխզիջումային լուծումներ գտնելուդ համար: Անոնք միշտ ամէնէն բարդն են», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:
Նշենք, որ նոյն օրը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ Արցախի հարցը քննեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ։