Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Իսկ Թաէֆին Չզօրակցողները Յայտնի Են»

December 16, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Berri to Aoun: Judiciary Mustn’t be Judiciary of Those in Power

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին եւ սենտիքայի անդամները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն 99 առ հարիւրին պատճառները ներքին լիբանանեան են` աւելցնելով, որ անոնք մէկ օրուան մէջ չեն ստեղծուած, այլ` 1989-ին Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն ի վեր:

«Թաէֆին չզօրակցողները եւ անոր օրէնքներն ու այդ սահմանադրութիւնը չգործադրողները յայտնի են: Ափսոս որ կան տասնեակ օրէնքներ, աւելի քան 75 օրէնքներ, որոնք ո՛չ այս իշխանութեան, ո՛չ ալ նախորդ իշխանութիւններուն օրերուն գործադրուած են, օրինակ` ելեկտրականութեան վերաբերող յատուկ օրէնքը, որ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին 45 առ հարիւրը պատճառած է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի տագնապին` Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանցի ղեկավարները դժբախտաբար այդ հարցին գծով լուռ կը մնան: «Իսկ լուծումներու յանգելու համար պէտք է խորհրդակցիլ եւ երկխօսութիւն կատարել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի չէ դիտել լիբանանցիներուն արտագաղթը:

Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան շրջափակումի ենթակայ է` հարց տալով, որ կարելի՞ է հաւատալ, թէ Իսրայէլ արաբական աշխարհին բացուած է, իսկ արաբական աշխարհը Լիբանանի դիմաց դռներ կը փակէ: «Այն Լիբանանը, որ սուղ վճարեց արաբական իր ինքնութիւնը պահպանելու համար», ըսաւ ան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին Պըրրի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին, յարգելով Սահմանադրական խորհուրդին արձակած վճիռը, որ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին դէմ ներկայացուած վիճարկումին:

Խորհրդարանի բարեկարգումի եւ քննչական դերակատարութեան մասին Պըրրի ըսաւ. «Սկզբունքով խորհրդարանն է, որ հաշուետուութեան պէտք է հրաւիրէ գործադիր իշխանութիւնը, սակայն ցաւ ի սիրտ ասիկա կարելի է կատարել ոչ համայնքային երկրի մը մէջ», յայտնեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ շիի երկեակի մասին կը խօսին շատեր` աւելցնելով, որ անիկա ազգային երկեակ է եւ ոչ թէ շիի երկեակ: «Մենք դատաւոր Թարեք Պիթարը զերծ կացուցել չենք փափաքիր, այլ` կը պահանջենք վերադառնալ օրէնքին եւ սահմանադրութեան, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հարցով:

Պըրրի հաստատեց, որ յոռետեսութենէ դուրս գալու համար պէտք է շեշտել, որ Լիբանան սնանկացած երկիր չէ, իսկ ճիշդ է, որ Թաէֆի համաձայնագիրը Աստուածաշունչ կամ Քորան չէ, սակայն պէտք է մտածել անոր գործադրութեան մասին` որոշ ճկունութիւններով:

Previous Post

Immigrant arrivals into Cyprus increased by 40%, mostly from Turkey

Next Post

EU says Turkey’s accession negotiations to remain frozen

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.