Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած էր Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Գահիրէ օր մը օրանց չէ կասեցուցած Լիբանանի օժանդակութիւնները` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի իրագործած բարգաւաճումները անհաւատալի են:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կը շարունակէ գոյատեւել միայն չափաւորականութեամբ եւ միասնականութեամբ: «Նոյնիսկ Իսրայէլի դէմ ուղղուած դիմադրութեան պարագային, անիկա չէր յաջողեր, եթէ լիբանանեան ներքին միասնականութիւն չըլլար: Լիբանանի մէջ պատահածը այն է, որ ան սկսած է տառապիլ «Քաղաքական քորոնա»-է: «Արեւելքի Զուիցերիա» կոչուող Լիբանանը, որ բոլոր արաբները կը սիրէ, եւ բոլոր արաբներն ալ զինք կը սիրեն, չէ սնանկացած: Լիբանանը ունի բնական հարստութիւն, ծով մը` լեցուն բնական կազով, ունի մեծ սփիւռք, սակայն չունի նիւթական կարողութիւններ, որովհետեւ կայ քաղաքական անկարողութիւն եւ ոչ թէ քաղաքական աղքատութիւն», ըսաւ ան:
Պըրրի յայտնեց, որ մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ, ապա նախագահական ընտրութիւններ` հոկտեմբերին: «Հետեւաբար պէտք է գործելաոճի փոփոխութիւն արձանագրուի, իսկ կառավարութիւնը մինչ այդ պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւնները, որպէսզի կացութիւնը բարելաւուի, ինչպէս էին պարագաները Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Արժանթինի, որոնք նոյն պայմանները դիմագրաւած էին: Պէտք է ըսել սակայն, որ ցարդ բանակցութիւնները` կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ, լաւ կ՛ընթանան», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ արգիլել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են այդ ընտրութիւնները կատարելու, «իսկ ինծի այցելող արաբ թէ օտար պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարները համաձայն են, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով քուէյթեան նախաձեռնութեան` Պըրրի յայտնեց, որ անոր բովանդակած տարակարծութիւն ստեղծող կէտերը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութիւնն է: «Օրինակի համար, թիւ 1559 բանաձեւը 2004-ին հրապարակուած է եւ անիկա կը պահանջէ օտար ուժերուն հեռացումը լիբանանեան հողերէն: Այս բանաձեւը գործադրելու շրջագիծին մէջ սուրիական ուժերը հեռացան Լիբանանէն, իսկ իսրայէլեան ուժերը տակաւին բռնագրաւուած կը պահեն լիբանանեան հողերը: Ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը անոնց հեռացումը չի պահանջեր», հարց տուաւ Պըրրի:
Ան ակնարկեց նաեւ թիւ 1701 բանաձեւին, որ հրապարակուած էր 2006-ին եւ կը հաստատէր, որ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Մազարեհ Շեպաայէն եւ այլ շրջաններէ: Այս բանաձեւին լիբանանցիները համաձայն էին եւ կը մնան համաձայն, սակայն ինչո՞ւ համար լռութիւն կը ցուցաբերուի իսրայէլեան կեցուածքին նկատմամբ», հարց տուաւ Պըրրի:
Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանան արաբական կարգ մը երկիրներու կողմէ շրջափակումի մէջ է: «1975-ին Լիբանան ապրեցաւ քաղաքացիական ցաւալի պատերազմ մը, որուն ընթացքին արձանագրուեցան շուրջ 150 հազար նահատակներ: Այս բոլորը պատահեցաւ, որպէսզի հաստատուի, որ Լիբանանը արաբական ինքնութիւն ունի», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արաբական երկիրներուն կողմէ Իսրայէլի նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն որդեգրել եւ Լիբանանը շրջափակել:
Ծովային սահմանագծումի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բոլոր իրաւունքներուն, այսինքն` ջուրի եւ կազի իւրաքանչիւր կաթիլի, որոնք իր իրաւունքը կը նկատուին եւ իր սահմաններուն մէջ կ՛իյնան: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով լիբանանեան երկփեղկում չկայ, եւ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ըլլայ: «Այս հարցը շատ վտանգաւոր է», ընդգծեց Պըրրի` աւելցնելով, որ ամերիկացի միջնորդը իր վերջին այցելութեան ընթացքին բաւական լաւատես էր, «սակայն ես անձամբ լաւատես չեմ, որովհետեւ քաջածանօթ եմ Իսրայէլի ծաւալապաշտական էութեան», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հարցին` Պըրրի յայտնեց, որ կարելի չէ անձ մը ամբաստանել առանց փաստի` նշելով, որ եթէ Սալամէի յանցագործութիւնը փաստուի, ապա թող պատժուի ան:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ինք համաձայն է Թաէֆի համաձայնագիրին ամբողջական գործադրութեան` նկատել տալով, որ Լիբանանը կարելի է վերածել նաեւ քաղաքացիական պետութեան, «որովհետեւ Թաէֆի սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ, որ Լիբանան քաղաքացիական պետութեան վերածուի», յայտնեց ան:
Պըրրի նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եղած է այն անձը, որուն ամէնէն աւելի խորհուրդ տուած է, սակայն այս վերջինը նկատի չէ ունեցած զանոնք: «Բայց եւ այնպէս Սաատ Հարիրի կը մնայ չափաւորականութեան խորհրդանիշը», եզրափակեց ան: