Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 օգոստոս 2021-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը, ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին: (Նշենք, որ 13/90 օրէնքը կը վերաբերի նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին):
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Իսլամական Նոր տարուան եւ Աշուրայի զոյգ տօներուն առիթով Պըրրի մաղթեց, որ այդ տօներուն ցոյց տուած զոհողութիւնները դառնան փտածութեան դէմ պայքարի առիթներ:
Պըրրի կոչ ուղղեց Աշուրայի յատուկ սգոյ սրահներն ու երեկոները կազմակերպելու միասնականութեան ոգիով` պահպանելով անոր մարդկային պատգամը:
Պըրրի թելադրեց Աշուրայի սգատօնին ընթացքին «Քորոնա» համաճարակի տարածումը կանխարգիլող բոլոր միջոցներուն դիմել: