Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան տագնապը լուծելու առումով ճիգերը տեղքայլի մէջ են` աւելցնելով, որ եթէ արագ լուծումներ չգտնուին, ապա Լիբանանի կացութիւնը անկասկած պիտի առաջնորդուի դէպի յաւելեալ վատթարացում:
Պըրրի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը հետաքրքրուած է երեսփոխանական ընտրութիւններով, ինչ որ բնական է, եւ այդ անհրաժեշտութենէն մեկնելով է, որ պնդեցինք երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու վրայ:
Ան յոյս յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը այս շաբթուան ընթացքին արձակէ իր վճիռը, որուն հիման վրայ նոր որոշումներ պիտի որդեգրուին` ինչ ալ ըլլայ այդ վճիռը:
Կառավարութիւնը Նոր Ձեւ Կ՛որդեգրէ Պետական Մարզին Յաւելումները Վաւերացնելու
Նախարարաց խորհուրդի նախագահութիւնը շաբաթ, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան յայտարարեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաները, կառավարական հիւանդանոցներու, քաղաքապետութիւններու եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու պաշտօնեաները իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն պիտի ստանան յաւելումներ իրենց ամսական աշխատավարձին համաձայն:
Ըստ նախարարաց խորհուրդին, այդ յաւելումները պէտք չէ ըլլան նուազ քան մէկուկէս միլիոն լ. ոսկի եւ աւելի քան երեք միլիոն լ. ոսկի:
Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ռիատ Սալամէն Անմիջական Հաշուետուութեան Ենթարկելու
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը, որուն ընթացքին զգուշացուց կառավարութեան աշխատանքը դիտմամբ խանգարելու քայլերէն եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան ժողովները արգելակող կողմերուն կառավարութեան ազատութիւն եւ առիթ շնորհելու, որ ան իր պարտականութիւնները կատարէ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին դիմագրաւած ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի տագնապները լուծէ:
Ազգային ազատ հոսանքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտակարգ համաձայնութիւն չշնորհելու իրաւունք ունի, այնքան ատեն որ կառավարութիւնը իր սահմանադրական բոլոր չափանիշներով կը գործէ:
Ազգային ազատ հոսանքը կոչ ուղղեց նաեւ վերջ տալու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնը կողմնակալութեամբ կատարելու ընթացքին եւ այդ իմաստով արձանագրուած տեղքայլին, որ յաւելեալ մտահոգութիւն կը պատճառէ` պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտել չկարենալու առումով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց անմիջապէս վերջ տալ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին իրաւասութիւններուն եւ զայն հաշուետուութեան կանչել: