Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Սպառնայ Իսրայէլին` Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղման Նպատակով Համաձայնութիւններ Չգոյացնել

September 20, 2021
in Mobile Home, Զանազանք
0
Berri Schedules a Parliamentary Session over MPs Port Blast Charges

Lebanese Parliament Speaker Nabih Berri, speaks during a news conference, in Beirut, Lebanon, Thursday, Oct. 1, 2020. Berri announced Thursday that an agreement has been reached on a framework of indirect talks between Lebanon and Israel over the longstanding disputed maritime border between the two countries. (AP Photo/Bilal Hussein)

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ անմիջական կերպով պէտք է շարժիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղութեամբ` ստուգելու համար, թէ լիբանանեան գերիշխանութեան եւ իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարուա՞ծ են:

Պըրրի նշեց, որ այդ պահանջը կը ներկայացնէ նշեց, այն լուրին, թէ նաւթահորեր պեղող «Հալիպըրթըն» ընկերութիւնը Իսրայէլ-բռնագրաւուած Պաղեստին վիճելի ծովային շրջանին մէջ պեղումներ կատարելու իրաւունք ստացած է:

«Իսրայէլի կողմէ Միջերկրական ծովու Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի միջեւ վիճելի շրջաններուն մէջ գտնուող նաւթահորերու պեղումներ կատարելու նպատակով «Հալիպըրթըն» կամ որեւէ այլ ընկերութեան հետ համաձայնագիրներ ստորագրելու հոլովոյթը կը ջրէ այն շրջագիծը, որուն կը հսկեն Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը: Իսկ «Թոթալ», «Նովաթեք» եւ «Էնի» ընկերութիւններուն կողմէ թիւ 9 նաւթահորին մէջ ամիսներ առաջ կատարուելիք պեղումներուն դանդաղեցումը հարցականներու դուռ կը բանայ: Իսրայէլեան գոյացութեան յանդգնութիւնը` բռնարարքներ կատարելու իմաստով, կը սպառնայ միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպէն պահանջեց միջազգային կողմերուն հետ համապատասխան հաղորդակցութիւններ կատարել` արգիլելու համար Իսրայէլը` նաւթահորի պեղման սկսելէ:

Միքաթի հաստատեց, որ այս իմաստով Լիբանան իր իրաւունքներուն կառչած կը մնայ եւ ոչինչ կը զիջի: «ՄԱԿ իր կարգին պէտք է արգիլէ Իսրայէլը լիբանանեան գերիշխանութեան եւ իրաւունքներուն դէմ անոր գործած ոտնձգութիւններէն», ըսաւ Միքաթի:

Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալիի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումի բանակցութիւնները հովանաւորող պետութիւնը Ամերիկան է:

Ան հաստատեց, որ պէտք է ստուգել «Հալիպըրթըն» ընկերութեան կատարելիք պեղումը եւ արգիլել լիբանանեան իրաւունքներուն մօտենալու յանդգնութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ վիճելի ծովային շրջանները ճշդել:

Այս առումով Մտալլալի բողոքի նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ` Իրլանտայի ներկայացուցիչ Ճերալտին Պիռն Նէյսընի, անոնց ուշադրութեան յանձնելով, թէ շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Իսրայէլ թիւ 9 նաւթահորին մէջ պեղումներ կատարելու նպատակով միջազգային ընկերութեան մը հետ համաձայնութիւն ստորագրած է:

Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց ստուգել, թէ վիճելի այդ շրջանին մէջ պեղումներ տեղի կ՛ունենա՞ն, Լիբանանի իրաւունքներուն եւ գերիշխանութեան դէմ գործուելիք ոտնձգութիւնները կանխելու նպատակով:

Լիբանան պահանջեց նաեւ վիճելի շրջաններուն մէջ պեղումները արգիլել` կանխարգիլելու համար այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան միջազգային ապահովութեան եւ կայունութեան սպառնալ:

Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ «Հալիպըրթըն» անունով նաւթահորեր պեղող ընկերութիւնը Իսրայէլ-բռնագրաւուած Պաղեստին վիճելի շրջանին մէջ պեղումներ կատարելու իրաւունք ստացած է: «Անիկա այդ շրջանն է, որուն մէկ մասը Լիբանան կրնար վերստանալ, եթէ յաւելաբանութիւններ չըլլային: Ասիկա կը նշանակէ իր բնական հարստութիւններուն վրայ Լիբանանի ունեցած գերիշխանութեան վերջին թիզը թաղել», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Previous Post

The Elusive Truth About the Death of Dag Hammarskjöld and My Father

Next Post

Մահացել է դերասանուհի Ժենյա Ավետիսյանը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.