Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

April 1, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուած խնդիրներն ու արգելակող ազդակները, ինչպէս նաեւ Պըրրիի կողմէ թափուող ճիգերուն յաջողութեան կարելիութիւնները:

Երեսփոխան Բագրատունի հրամայական պահանջ նկատեց արագ ու անմիջական կերպով կառավարութեան կազմութիւնը` առաջքը առնելու համար երկրի ընդհանուր փլուզումին` միաժամանակ շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր դիրքորոշումներով տեւաբար զօրավիգ կանգնած է սահմանադրութեան անխախտ պահպանման եւ պետական կառոյցներու գոյութեան ամրապնդման:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց ուժերու գերլարումը, որպէսզի քաղաքական կողմերը միասնաբար կարենան դուրս գալ երկիրը մաշեցնող անել վիճակէն:

Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Next Post

Ակնարկ. Դարպասները Բանալու Համար Նախապայմանները Կը Վերադառնան

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.