Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պըրրի յայտարարեց Ամալ շարժումի թեկնածուներուն անունները

March 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Berri Ends Argument in Parliament by Asking FPM’s Abi Khalil to ‘Sit Down

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Պըրրի յայտնեց, որ այս ընտրութիւններուն կապակցութեամբ ինք կը շօշափէ միջազգային եւ շրջանային հսկայ հետաքրքրութիւն մը, հակառակ անոր որ աշխարհը կը գտնուի Համաշխարհային Գ. պատերազմի կամ սերտուած համաձայնութեան մը սեմին:

«Հակառակ աշխարհին մէջ տիրող այս իրավիճակին, միջամտութիւններն ու հետաքրքրութիւնը չեն մեղմացած: Ոմանք բարի նպատակով կը պահանջեն ընտրութիւնները, իսկ ոմանք կը փափաքին ընտրութիւնները վերածել համայնքային ու յարանուանական սադրանքներու եւ զրպարտութիւններու, որոնք վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հասած են իրենց գագաթնակէտին, եւ այս վերջինները թիւով մեծ են», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ցաւ յայտնեց, որ կան Լիբանանէն դուրս գտնուող որոշ կողմեր, որոնք կը ֆինանսաւորեն Լիբանանի մէջ գործող ուժեր` նպատակ ունենալով իրագործել Լիբանանի ինքնութիւնն ու սկզբունքները փոխելու քաղաքական ռազմավարութիւն մը:

Պըրրի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ առաջադրուած թեկնածուներուն ձայնը պէտք չէ գերազանցէ սոված լիբանանցիներուն ձայնը:

Ան շեշտեց Լիբանանը ծառայութիւններու հիման վրայ գտնուող տնտեսական համակարգէն արդիւնաբերութեան վրայ հիմնուած տնտեսական համակարգ փոխադրելու կարեւորութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ պէտք է արձանագրուած վնասները ճշդելու իմաստով համախոհութիւն գոյացնել եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքներուն ձեռք չտալ:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ծովային սահմաններուն առնչութեամբ պէտք չէ սակարկել եւ պէտք չէ այդ սահմաններուն իրաւունքներէն զիջիլ:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Պըրրի յայտարարեց Ամալ շարժումի թեկնածուներուն անունները` ըստ ընտրաշրջաններու: Անոնք են.

Իպրահիմ Ազար (Հարաւային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան), Նեպիհ Պըրրի, Միշել Մուսա, Ալի Օսէյրան, Ինայա Իզզէտտին եւ Ալի Խրէյս (Հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջան), Ալի Հասան Խալիլ, Աշրաֆ Պայտուն, Հանի Քպայսի, Նասեր Ժապեր, Այուպ Հըմայէտ, Մարուան Խէյրէտտին եւ Քասեմ Հաշեմ (Հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան), Քապալան Քապալան (Պեքաայի Բ. ընտրաշրջան), Ղազի Զաայթեր (Պեքաայի Գ. ընտրաշրջան), Մոհամետ Խաուաժա (Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան) եւ Ֆատի Ալամէ (Պէյրութի Գ. ընտրաշրջան):

Previous Post

Պաապտայի մէջ. «նախագահ Աուն կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման» շեշտեց Ապուլ Ղէյթ

Next Post

Եւրոպական միութիւնը մտահոգ Է Արցախ մուտք գործող կազի խողովակաշարի խնդիրով եւ զինադադարի խախտումներով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.