Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պըրրի Վարչապետ Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

May 23, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Berri: Lebanon Should Begin Preparations for New Electoral Law

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու տնտեսական եւ ելեւմտական զարգացումները:

Մէկ ժամուան ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան մշակած տնտեսական ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:

Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւններ կատարելու:

Միւս կողմէ, Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Մարուան Համատէ, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ խորհրդարանի միացեալ վարչութեանց ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանի նիստին ընթացքին քննարկուած է Պըրրիի արտասանած խօսքը, ինչպէս նաեւ ճշդուած է հինգշաբթի, 28 մայիսին խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին օրակարգը:

Ֆըրզլի նշեց, որ Պըրրիի արտասանած խօսքը քաղաքացիական պետութիւն մը հիմնելու ուղեգիծը կը նկատուի:

Միւս կողմէ` երէկ կէսօրին Պըրրի պատկերասփռուած խօսք մը փոխանցեց լիբանանցիներուն` Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին, Երուսաղէմի օրուան եւ Ֆիթրի տօնին առիթով:

Իր խօսքին մէջ Պըրրի զգուշացուց այն կաղկանձներէն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն դաշնակցային պետութիւններ հիմնելու:

Անդրադառնալով կառավարութեան` Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան խօսքի փոխարէն պէտք է գործէ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուելիք բանակցութիւններուն վերաբերող սպասումի իրավիճակին եւ լծուի աշխատանքի:

«Ոչ սովը եւ ոչ ալ որեւէ այլ թեմայ մեզի պիտի պարտադրեն անձնատուր ըլլալ թշնամի Իսրայէլի դաւադրութիւններուն», հաստատեց Պըրրի:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ որոշում տան Լիբանանը ազատագրելու համայնքային եւ յարանուանական բռնագրաւումէն:

Դրամատուներուն մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն ունեցած հաշիւներուն գծով Պըրրի ըսաւ, որ գումարները սրբութիւն են` շեշտելով, որ անոնց դպչելու որեւէ փորձի պարագային խիստ կերպով պիտի արձագանգեն:

Previous Post

ԵՐԿՈՒ ՀՊԱՆՑԻԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԵԾՆ ՀՈՎՀԱՆՆԵՍ ՇԻՐԱԶԻ ՀԵՏ

Next Post

Հասան. «Կրնանք Դարձեալ Որդեգրել Երկիրը Ամբողջութեամբ Փակելու Ընտրանքը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.