ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն եւ ջարդէն անմասն չմնաց Մուսա Լերան ժողովուրդը, որուն զաւակները, այլ հայորդիներու նման, ձգեցին իրենց պապենական տուները եւ մշակուած հողերն ու բռնեցին գաղթի ճամբան: Անոնցմէ ոմանք չուզեցին լեռ բարձրանալ եւ այլ գաղթականներու հետ գացին դէպի Սուրիոյ Հոմս եւ Համա քաղաքները, իսկ մնացեալները բարձրացան լեռ:
Անոնք, որոնք լեռ բարձրացան, կրնային ծովը տեսնել եւ իրենց հետ ունէին ճերմակ մեծ կտոր մը, որուն վրայ կար դարձեալ կտորով պատրաստուած կարմիր խաչ մը: Ներկայիս այդ խաչը կը գտնուի Այնճարի թանգարանին մէջ, որ 80-ամեակին առիթով կառուցուեցաւ: Ծովուն վրայ կար ֆրանսական նաւ մը: Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան աղերսագիր մը կը գրէ եւ կը խնդրէ նաւուն վրայ գտնուողներէն` ազատել ժողովուրդը: Նաւապետը, երբ կը ստանայ նամակը, լուր կը ղրկէ ֆրանսական կառավարութեան, եւ անոնք սիրով կ՛ընդունին աղերսագիրը եւ ժողովուրդը փոքրիկ նաւերով կը փոխադրեն մեծ նաւը:
Ֆրանսացիները Մուսա Լերան ժողովուրդը կը տանին դէպի Փոր Սայիտ, Եգիպտոս, ուր մուսալեռցիք վրաններու տակ կ՛ապրին: Անոնք նաեւ դպրոց մը կը բանան եւ անունը կը դնեն «Սիս-Վան», ինչպէս նաեւ` արհեստանոց մը: Չորս տարի հոն մնալէ ետք, երբ պատերազմը իր աւարտին կը հասնի, ժողովուրդը չ՛ուզեր օտարութեան մէջ ապրիլ եւ կը վերադառնայ իր պապենական օճախը: Մուսալեռցիները կը սկսին վերաշինել իրենց քանդուած տուներն ու եկեղեցիները:
Մուսա Լերան ժողովուրդը 1939-ին դարձեալ կը ձգէ իր տուներն ու կալուածները եւ այս անգամ բեռնատարներով կ՛ուղղուի դէպի Պասիթ, որ Քեսապէն մօտաւորապէս 20 վայրկեան հեռու է, եւ հոն կայք կը հաստատեն: Գիշեր մը տեղատարափ անձրեւ կու գայ, եւ անտուն ժողովուրդը կը թրջուի: Սակայն անոնք չեն յուսահատիր եւ տաքնալու լուծումը կը գտնեն, երբ զուռնան ու թմբուկը ժողովուրդը պարի կը հրաւիրեն, եւ այդ ձեւով մինչեւ առտու կը պարեն ու կը տաքնան: Պօղոս Սնապեան իր «Պարը» պատմութեան մէջ կը գրէ. «Անձրեւահարներու բազմութիւնը կը շարժէր, կ՛ալեկոծէր խարոյկին ու թմբուկին թունդ կշռոյթով կը պարէր ինքնիրմէ ներշնչուած, ինքնիրեն հանդիսատես, ինքնիրմէ ելած, գուցէ` ինքնիրեն վերադարձած: Տարագիրներու բազմութիւնը կը պարէ՜ր: Պատռած երկինքէն պոռթկացող ջուրերու տակ, ալեկոծ ծովուն ցեխակալուած ափին, Մուսա Լերան եօթը գիւղերը, գուցէ` եօ՛թը դար զսպուած շարժում մը սանձազերծած, կը պարէին եղբայրօրէն, իրարու ձուլուած, վերացած հոգիներով»:
Ժողովուրդը քառասուն օրեր կը մնայ Պասիթ եւ դարձեալ, այս անգամ, նաւերով` ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը: Անկէ ալ շոգեկառքով կը տարուին Ռայաք ու վերջապէս կը բերուին Այնճար, որպէսզի հոս կառուցեն իրենց նոր օճախները: Այդ ժամանակ Այնճար եղած է փոշոտ, լքուած ճահճանոց մը: Մուսալեռցիներուն համար վրանները կը լարեն ներկայ բերդին վրայ, որ հողերուն տակ թաղուած էր: Անոնք չեն յուսահատիր, եւ հակառակ դժուարութիւններուն` իւրաքանչիւր համայնք կը կառուցէ նոր եկեղեցի մը եւ անոր քով` դպրոց: Ինչպէս նաեւ ֆրանսական կառավարութիւնը կը կառուցէ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար մէկ սենեակ:
Ջարդի եւ տեղահանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր եկեղեցիները, վանքերը, պապենական տուները եւ հողեր: Սակայն շատեր, երբ գաղթի ճամբան բռնեցին, իրենց հետ տարին իրենց տուներէն կամ եկեղեցիներէն պզտիկ առարկաներ:
Այս երկար եւ տանջալից ճամբորդութեան ընթացքին Պիթիասի աւետարանական համայնքի զաւակները իրենց հետ կը բերեն, իբրեւ մասունք, եկեղեցւոյ բեմին վրայի գորգը, ամպիոնը եւ նստարանը, որոնք բաւական ծանր են:
Աւետարանական համայնքը 1941 թուականին կը կառուցէ նոր եկեղեցի մը Այնճարի մէջ: Սկիզբի տարիներուն եկեղեցին նաեւ կը գործածուէր որպէս դպրոց, որուն դասարանները բաժնուած էին վարագոյրներով: Իսկ կիրակի օրերը կը գործածուէր որպէս եկեղեցի:
Այնճարի առաջին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը կ՛ըլլայ վեր. Արամ Հատիտեան, որ նաեւ Մուսա Լերան աւետարանական հովիւն էր եւ ժողովուրդին հետ միասին եկած էր Այնճար:
2002 թուականին բարեկամներու եւ համայնքի զաւակներուն շնորհիւ` եկեղեցին վերանորոգուեցաւ: Սակայն համայնքի զաւակները պահեցին իրենց հայրերուն եւ մեծ հայրերուն Մուսա Լեռէն իրենց հետ բերած գորգը, ամպիոնը եւ նստարանը մինչեւ օրս:
Պիթիասի եկեղեցւոյ պատերը, հակառակ տեղահանութեան, կանգուն կը մնան, սակայն, դժբախտաբար եկեղեցին ախոռի վերածուած է, եւ անշուշտ ինչ որ չեն կրցած իրենց հետ տանիլ, թշնամին, իր «բարի սովորութեան» համաձայն, թալանած է:
————————-
Ծանօթ.- Տեղեկութիւնները փոխանցեց տիկին Զապէլ Քէրքէզեան-Քէնտիրճեան: