Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆՔ ՖՐԱՆՑ ՎԵՐՖԷԼԸ

August 26, 2014
in Յօդուածներ
0

Համազգային երախտագիտութեան   նուազագոյն արտայայտութիւն է  ոգեկոչել , պահանջատիրական մեր պայքարի անցեալի եւ ներկայի օտար զօրակիցներուն յիշատակը:

Ուղիղ   124 տարիներ առաջ,այսօր՝ Երեքշաբթի, ծնաւ աւստրիացի   գրող, մարդասէր, Ֆրանց Վիքթոր Վերֆէլը: Փրակայի, Լայփցիկի ե Համպուրկի համալսարաններուն մէջ մասնագիտական ուսման հետեւելէ ետք, Վերֆէլ՝ 1912-ին, ծառայեց աւստրիական բանակին: Երկրին մէջ տիրող ռազմամոլական մթնոլորտը խորթ էր երիտասարդ մտաւորականին: Իր կատարած քննադատութիւններուն    պատճառով ձերբակալուեցաւ, ապա՝ ենթարկուեցա բանտարկութեան:

Ֆրանց Վերֆէլ մասնակցեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ յետագային՝ Աւստրիոյ մէջ 1918-ի յեղափոխական իրադարձութիւններուն: Երիտասարդ Վերֆէլ զարմանալիօրէն կը լքէ քաղաքական ասպարէզը եւ կը նուիրուի գրականութեան: 1938-ին, երբ Գերմանիա կը խուժէ Աւստրիա, Վերֆէլ կ’ապաստանի Իտալիա, ապա՝ Ֆրանսա, իսկ աւելի ուշ՝ Միացեալ Նահանգներ:

Ֆրանց Վերֆէլ երիտասարդ տարիքէն կ’առնէ գրական առաջին քայլերը: Տակաւին 1910-ական թուականներուն,   լոյս կ’ընծայէ բանաստեղծութիւններու փունջ մը: Այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ ընթերցողը կը նշմարէ Վերֆէլի մարդասիրական հայեացքները, պատերազմի դէմ անոր ընդվզումը: Վերֆէլ նաեւ գրած է վէպեր ու թատրերգութիւններ:

Ֆրանց Վերֆէլի ստեղծագործութիւններուն մէջ   առանձնակի տեղ կը գրաւէ «Մուսա Լերան 40 Օր»ը վէպը, որ լոյս տեսած է 1934-ին:   Վէպին   հիմք ծառայած է 1915-ին, Սուէտիոյ մէջ ծաւալած իրական զարգացումները, երբ թուրք ջարդարարները փորձեցին   հայաթափել Միջերկրական Ծովու ափին գտնուող այս շրջանը: Հայերը որոշեցին ընդդիմանալ թուրք իշխանութիւններուն, բարձրանալով Մուսա Լեռ՝ կազմակերպեցին ինքնապաշտպանութիւն, որ տեւեց 53 օր:

Մուսա Լերան   շուրջ կային հայկական վեց գիւղեր՝ Քեպուսիէ, Վաքըֆ, Խտրբէկ, Եողունօլոք, Հաճի Հապիպլի , Պիտիաս:Երկրագործութեամբ զբաղող այս վեց գիւղերու հայերը կը հաշուէին վեց հազար: Սուէտիայի հայերուն անմիջապէս   յայտնի դարձաւ,որ սկսած է դրացի գաւառներու մէջ հայերու տեղահանութիւնը: Եողունօլոքի մէջ տեղի կ’ունենայ հայկական վեց   գիւղերու ներկայացուցիչներու հանդիպում: Ներկաները կ’որոշեն դիմել ինքնապաշտպանութեան: Դժբախտաբար բոլորը չէ,որ   կ’ենթարկուին այս որոշումին: Ոմանք կը խորհէին,թէ փրկութիւնը միայն հպատակութեան մէջ էր..:

Յառաջացող թրքական բանակը չյաջողելով   փշրել  մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը՝   հրաժարեցաւ յարձակումէն եւ որոշեց  լեռը պաշարելով սովամահ դարձնել   տեղի բնակիչները: Տասն հինգ հազար հաշուող բանակ մը պաշարեց Մուսա Լեռը: Մուսալեռցիներուն դրութիւնը խիստ ծանրացաւ: Սկսան սպառիլ անոնց պարէնն ու զինամթերքը: Անհրաժեշտ էր   օգնութեան դիմել: Ինքնապաշտպանութեան ղեկավարները յոյս ունէին   ծովէն ստանալ օգնութիւնը: Սակայն երկար ժամանակ հորիզոնին վրայ չէր երեւար որեւէ մարտանաւ: Թուրքերը բազմիցս կը պահանջէին,որ անձնատուր դառնան Մուսա Լերան հայերը: Կտրականապէս մերժելով թրքական բանակին ծանր պայմանները եւ վերջնագիրները, մուսալեռցիները փնտռեցին փրկութեան նոր ճանապարհներ. Անոնք որոշեցին մարդ ուղարկել Հալէպ եւ Աղեքսանտրիա՝ Դաշնակիցներուն հետ կապելով իրենց յոյսը: Սակայն՝ ապարդիւն: Վերջապէս, ծովու հորիզոնին վրայ երեւաց ֆրանսական «Կիշէն» ռազմանաւը: Իմանալով հայերու դրութեան մասին՝ ռազմանաւի հրամանատարութիւնը հրաման արձակեց   ռմբակոծելու թրքական դիրքերը եւ հեռացաւ հայերուն օգնութիւն հասցնելու խոստումով: Առ ի պատասխան այս ցնցումին, թրքական բանակը վճռական յարձակումի ձեռնարկեց մուսալեռցիներու դէմ: Մուսալեռցիները   պաշտպանուելու փոխարէն անցան հակայարձակողականի եւ   ջախջախիչ   հարուած տուին յառաջացող թրքական   զօրքերուն,որոնք խուճապահար նահանջեցին: Այս միջոցին     երեւացին երկու ռազմանաւեր: Ֆրանսական կառավարութիւնը որոշած էր մուսալեռցիները փոխադրել Փորթ Սայիտ: Հերոս մուսալեռցիները ակամայ հեռացան իրենց ծննդավայրէն եւ փոխադրուեցան Փորթ Սայիտ: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեծ թիւով մուսալեռցիներ գաղթեցին Հայաստան եւ հիմնեցին Մուսա Լեռ աւանը, ուր յուշարձան մը կանգնած է ի պատիւ Մուսա Լերան պաշտպաններուն:

Վերֆէլ, ականատեսի   վկայութիւններ, լրատուական   նիւթեր ուսումնասիրելով, կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն: Այդ նպատակով ան կ’այցելէ   Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանը: Վերֆէլ խորապէս կ’ընկալէ հայ ժողովուրդին տառապանքն ու վիշտը, անոր արդար պայքարը: Ներշնչուելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր   հարստութիւններէն, Վերֆէլ ստեղծագործեց գեղարուեստական այնպիսի   աշխատանք, ուր հայ ժողովուրդի ճակատագիրը իմաստաւորուած է Մուսա Լերան հերոս պաշտպաններուն   օրինակով:

Շատ կարճ   ժամանակամիջոցի մէջ վէպը   ձեռք բերաւ մեծ ժողովրդականութիւն: 1934-ին արժանացաւ Տարուան Լաւագոյն վէպ գրական միջազգային մրցանակին: Նոյն թուականին, թարգմանուեցաւ անգլերէն, իտալերէն, Ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներու: «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպին հայերէն առաջին թարգմանութիւնը կատարուեցաւ   1935-ին: Այսօրուան դրութեամբ, ան թարգմանուած է աւելի քան   25 տարբեր լեզուներու:   Կ’արժէ նաեւ նշել, որ ֆաշիստական Գերմանիան, Վերֆէլի այլ գործերուն նման, արգիլած էր անոր ցրւումը Գերմանիոյ մէջ՝ հակագերմանական ոգի   քարոզելու պատճառաբանութեամբ: Ֆաշիզմը   առ յաւէտ դուրս շպրտուեցաւ   պատմութեան բեմէն: Վերֆէլի վէպին դէմ արգելքները   վերացած են Գերմանիոյ մէջ: Միակ անհանգիստ պետութիւնը անոր վէպէն կը մնայ այսօրուան Թուրքիան: Մեր ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ մարդկային անարդարութեան դէմ   Ֆրանց Վերֆէլ՝ Մեծ հայասէրին բարձրացուցած   աղմուկը: Յարգանք անոր յիշատակին:

Վերֆէլի վէպով մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամրագրուած Մուս Լերան հերոսամարտը, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի   փառապանծ մէկ   էջն է:   Մենք՝   հայերս, դժուարութիւններու առջեւ չընկրկելու, մեր պայքարը   վճռակամօրէն եւ մեր սեփական բազուկներով շարունակելու դաս անհրաժեշտ է   քաղենք   Մուսա Լերան   հերոսներէն:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

Զապել Եսայանի նորահայտ ձեռագիրը՝ Ցեղասպանության մասին

Next Post

Թուրքիայի նախագահի հայկական նստավայրը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.