ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Հինգշաբթի առաւօտ մըն է: Պայծառ առաւօտ մը: Շուտով կ՛աւարտեմ տան պարտաւորութիւններս ու կը նետուիմ փողոց:
Մեր տան անկիւնադարձին երկար փողոց մը կտրելու հաճոյքը կը վայելեմ ամէն առաւօտ, մինչեւ որ հանդիպիմ զիս Պուրճ Համուտ փոխադրող սէրվիսի մը: Ամբողջ փողոցի երկարութեան յաճախ գլուխս կը դարձնեմ ետեւ` բախտաւոր պարագայի մը սէրվիս մը նկատելու: Բայց այսօր կարծես մարզանքս պիտի երկարի, փողոցը կը կտրեմ երկայնքին ու կը կենամ Հանգաշ թաղի սկզբնաւորութեան:
Քանի մը վայրկեան ետք նոր ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէ դիմացս:
– Սէրվիս, Պուրճ Համո՞ւտ,- հարցնելէ ետք կը նետուիմ ինքնաշարժին մէջ ու կը տեղաւորուիմ ետեւի նստարանին վրայ:
Յաճախ այդ գիծին վրայ երեւցող շարժավար մը չէ: Նոր դէմք մը, որուն նմանները շատցած են վերջերս, երբ տնտեսական տագնապը կը շուարեցնէ խեղճ լիբանանցին, թէ ի՛նչ պէտք է աշխատի: Հաւանաբար ուրիշ գործերէ աւելի ապահով ու շահաբեր նկատէ այս մէկը իր առօրեայ օրապահիկը ապահովելու համար:
Ինքնաշարժը հասարակ «Մերսետես» մը չէ` ընդհանրապէս սէրվիսի յատկացուած: Քիչ մը կոճկուած շարժավար մը` «մաքուր» բերանով, որուն քով բազմած է տեղացի քաղքենի կին մը: Անոր անուշահոտէն ու գործածած ֆրանսերէն բառերէն կ՛եզրակացնեմ անոր ինքնութիւնը:
Արդէն խօսակցութեան մէջ են: Ականջի հիւր ըլլալու պարտաւորութեան տակ կը մնամ ինքնաբերաբար:
Կարծես նիւթը ինծի ծանօթ թեմա մըն է` Պուրճ Համուտը: Գրեթէ հասած ենք Պուրճ Համուտ եւ ինքնաբերաբար կը շարունակուի թեման:
– Այս Պուրճ Համուտը իսկապէս տարօրինակ աշխատունակ վայր մըն է: Հոն կողք-կողքի կը գտնես ամէն բան եւ ամէն մասնագիտութեան տէր մարդիկ եւ արհեստաւորներ: Հոն են լումայափոխը, կօշկակարը, ոսկերիչն ու վաճառականը, արտադրողն ու նպարավաճառը, ատաղձագործն ու ոսկերիչը, ձուլագործն ու փռապանը: Ինծի համար շատ հետաքրքրական վայր մըն է, ու բախտաւոր են հոն ապրողները` մանաւանդ նոր սերունդը, որ ամէն ինչ տեսնելու եւ լսելու պատեհութիւնը ունի: Հոս ապրողները իսկական կեանքի դպրոցը կը վայելեն, կը տեսնեն ու կը սորվին ամէն բան:
Մեր շրջանը` Քըրնէթ Շահուանի մէջ, մեր զաւակները այս առօրեայ կեանքի եռուզեռէն եւ սեւ եւ ճերմակ պատկերներէն զրկուած են:
Այո՛, մեր շրջանը գեղեցիկ է, բայց չունի հնարաւորութիւնը մեր զաւակներուն աչքը բանալու կեանքին: Անոնք ձեւով մը կը մեծնան մեկուսացած ու չեն սորվիր ինչ որ գործնական է կեանքի մէջ ու անհրաժեշտ: Պուրճ Համուտ ապրող երիտասարդը, կեանքի հետ մնայուն շփման մէջ մտնելով կը տոկուննայ եւ կ՛ամրապնդուի անոր անհատականութիւնը:
Հոս շրջապատը կը պատրաստէ ապագայ մարդը: Մերինները այս դժուար օրերուն բանէ մը տեղեակ չեն ըլլար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սկսիլ կեանքի ճանապարհը:
– Պո՜ւրճ Համուտ… Պո՜ւրճ Համուտ…
Այս խօսակցութիւնը յանկարծ կը սթափեցնէ զիս հնազանդ ունկնդիրի առաքելութենէս ու կը տանի Պուրճ Համուտի իւրաքանչիւր թաղամասի ծայրը, 100 տարի առաջ, ուր կը տեսնեմ մեր գաղթական հայերու քրտինքը արդար, հոն` ամէն անկիւն, անոնք դրին իրենց հայրենազուրկի տառապեալ հոգին, երազելով իրենց հայրենիքին` Առիւծ արքաներու Կիլիկեան դրախտավայրի բարիքները եւ փորձելով շինել իրենց որդեգիր հայրենիք մը: Պէտք էր ապրիլ ու պայքարիլ:
Պուրճ Համուտը չէր կրնար չծաղկիլ, հոն ապաստան գտած մեր պապերը ամէն ճիգ չխնայեցին վերստին վառելու համար մեր պապենական օճախներու մարած կրակը: Հայուն անդրդուելի կամքն էր, որ Պուրճ Համուտի ճահճացած ամայութեան մէջ, մահը կեանքի, արցունքը ժպիտի ու թշուառութիւնը բարեկեցութեամբ փոխարինեց:
Պուրճ Համուտը ծաղկեցաւ հայուն վճռակամութեամբ, յամառ աշխատանքով ու իմաստութեամբ եւ եղաւ նորաբոյս հայրենիքը Կիլիկեան հողերէն աքսորուած բոլոր տառապեալ հայերուն:
Այս թաղերուն աստուածային օրհնութիւն բերաւ հայը, հոն բարձրացնելով Ս. տաճարներ եւ անոնց կողքին ծաղկեցուց դպրոցներ, հայկական կեդրոններ եւ ակումբներ` անհայրենիք հայուն տալու համար ոգեկան հայրենիքը վեհ:
Պուրճ Համուտի ամէն մէկ թիզ հողը օգտագործեց հայը` հոն հաստատելով զանազան ազգային կառոյցներ, շուկաներ եւ վաճառատուներ, ուր հայ անհատը պիտի բարգաւաճէր եւ պիտի գտնէր իր ազգային ինքնութիւնը:
Հայը Պուրճ Համուտին տուաւ շունչ եւ ինքնութիւն, զայն տեղադրեց Լիբանանի քարտէսին վրայ իբրեւ իւրայատուկ շրջան, ուր կայ ամէն ինչ եւ կեանքը հոն ունի տարբեր համ:
Այսպէս` Պուրճ Համուտը եղաւ գերազանց շրջան մը օտարները զարմացնող: Չէ՞ որ ասոնք Կիլիկեան Առիւծ արքաներու կորիւններն են ի վերջոյ:
Հիմա պիտի ըսենք.
– Ողջո՜յն քեզ, Պո՜ւրճ Համուտ, ողջո՜յն քու գոյութեանդ, դուն եղար որդեգիր մեր սիրելի՛ հայրենիքը:
Այո՛, Պուրճ Համուտը չէր կրնար չծաղկիլ, երբ գաղթական կիլիկեցիներու միատեղ ու միակամ ապրելու տենչը այնքան զօրաւոր էր ու հզօր:
Քանզի` ջլատուած բոյսի սերմը աւելի տոկուն ու խոստմնալից պէտք է ըլլայ: