Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման նպատակով իշխանութիւններուն ուղարկուած դիմումը անպատասխան կը մնայ:
Ընտրութիւններու կազմակերպումով զբաղող Նախաձեռնարկ մարմինը դիմած է դատարան: Դատական գործէն առանձնապէս ակնկալիքներ չկան: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, յայտնեց պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:
«Օրէնքին համաձայն, կառավարութիւնը պէտք է նշուած ժամկէտին դիմումներուն տայ կա՛մ դրական, կա՛մ ժխտական պատասխան: Պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու դիմումը ներկայացուած է Պոլսոյ նահանգապետին, վերջինս զայն պէտք է յղէ ներքին գործոց նախարարութեան, նախարարութիւնն ալ` նախարարներու խորհուրդին: Որոշում կայացնողը խորհուրդն է, սակայն շղթան կը սկսի նահանգապետարանէն: Քանի որ դիմումը անպատասխան մնացած է, այս պարագային կը բացուի դատական միջամտութեան ճանապարհը: Ատոր համար ալ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու նախաձեռնարկ մարմինը դիմած է դատարան», յայտնեց Բագրատ Էսդուգեան:
Ան ընդգծեց, որ դրական արդիւնքի սպասելը միամտութիւն է: Ըստ անոր, այս ճանապարհով երթալը կ՛երկարաձգէ պատրիարքի ընտրութիւններու հոլովոյթը, սակայն դատարան դիմելը անհրաժեշտ քայլ է:
Դատական նիստի օրը տակաւին չէ նշանակուած:
Հայ Համայնքի Ղեկավարները Կանչուած Են
Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Արտակարգ Խորհրդաժողովի
Թուրքիոյ հայ համայնքի հիմնադրամներու ղեկավարները հրաւիրուած են Պոլսոյ նահանգապետարան` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի մասնակցութեամբ արտակարգ խորհրդաժողովի մասնակցելու համար:
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ հրաւիրեալներու շարքին է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպումով զբաղող նախաձեռնող խումբի բանբեր, փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլ:
Ժողովին վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, կ՛ենթադրուի, որ քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ յառաջացած ճգնաժամը: