Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման նպատակով իշխանութիւններուն ուղարկուած դիմումը այդպէս ալ անպատասխան մնաց:
Ընտրութիւններու կազմակերպումով զբաղող Նախաձեռնող մարմինը դիմած է դատարան: Այդուհանդերձ` դատական գործէն առանձնապէս ակնկալիքներ չկան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:
«Օրէնքի համաձայն` կառավարութիւնը պէտք է նշուած ժամկէտին դիմումներուն տայ կա՛մ դրական, կա՛մ ժխտական պատասխան: Պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու դիմումը ներկայացուած է Սթամպուլի նահանգապետին, որ վերջինս պէտք է փոխանցէ ներքին գործոց նախարարութեան, գերատեսչութիւնն ալ` նախարարներու խորհուրդին: Որոշում կայացնողը խորհուրդն է, սակայն շղթան կը սկսի նահանգապետարանէն: Քանի որ դիմումը անպատասխան մնացած է, այս պարագային կը բացուի դատական միջամտութեան ճանապարհը: Ատոր համար ալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու Նախաձեռնող մարմինը դիմած է դատարան»,- ըսած է Բագրատ Էսդուգեան:
Ան ընդգծած է, որ դրական արդիւնքի սպասելը միամտութիւն է: Անոր խօսքով, այս ճանապարհով երթալը կ՝երկարացնէ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը, սակայն դատարան դիմելը անհրաժեշտ քայլ է:
Դատական նիստի օրը դեռ նշանակուած չէ: