Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը

February 7, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան թնճուկը, որ երկար ժամանակէ ի վեր շատ ցաւալի հարց դարձած է Թուրքիոյ հայոց համայնքային ու եկեղեցական կեանքէն ներս, 5  Փետրուարի երեկոյեան նոր փուլ մը մտաւ՝ Պոլսոյ կուսակալութենէն թէ՛ պատրիարքարանի հասցէին եւ թէ Արամ արք. Աթէշեանին ուղարկուած պաշտօնական նամակով մը։

Նամակին մէջ վերջապէս յստակ պատասխան տրուած է նախապէս պատրիարքարանէն ղրկուած վեց նամակներուն. վերջաւորութեան կը հաղորդուի, որ պատրիարքական նոր ընտրութեան մը համար կատարուած դիմումներն ու այդ կապակցութեամբ կատարուած տեղապահի ընտրութիւնը պաշտօնապէս անվաւեր կը նկատուին։

Նամակին մէջ դիտել կը տրուի, որ պետութիւնը չի ճանչնար Գարեգին արք. Պէքճեանի՝ տեղապահի հանգամանքը, եւ անգամ մը եւս կը պնդուի, որ ըստ նախապէս կատարուած ընտրութեան եւ պետութեան կողմէ ալ վաւերացուած որոշումին՝ Արամ սրբազան կը համարուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։

Նամակին մէկ մասը կը վերաբերի նոր պատրիարքի ընտրութեան պայմաններուն. հոն ըսուած է, թէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կարելի կ՛ըլլայ միայն այն պարագային, երբ պատրիարքը կը վախճանի, կամ կը հրաժարի, կամ աթոռը կը պարպուի տարբեր ազդակներով, ու կը պնդուի, թէ անոր առողջական վիճակը այս ազդակներէն մէկը չէ։ Աւելի կանուխ դատարան մը եւս որոշած էր, որ առողջական վիճակը նոր ընտրութեան մը համար ազդակ չի նկատուիր։ Այս պատճառաւ ալ, պետութիւնը չի՛ ճանչնար տեղապահի ընտրութիւնը, չի՛ ճանչնար նաեւ տեղապահի հանգամանքով Գարեգին սրբազանին կողմէ կատարուած դիմումներն ու ղրկուած նամակները։

Կը հաղորուի, որ Գարեգին արք. Պէքճեան սրբազանը անցեալ շաբաթ կուսակալութիւն կանչուած է եւ իրեն անձամբ ըսուած է, թէ պետութիւնը չի ճանչնար իր տեղապահի հանգամանքը։ Թէեւ պատրիարքարանէն այս մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չէ հաղորդուած, համայնքէն ներս տարածուած է նաեւ այն տեղեկութիւնը, թէ պատրիարքարանը պետութեան դէմ դատ բացած է՝ պատրիարքական ընտրութեան ձգձգումին պատճառով։

Միւս կողմէ, կը պնդուի, որ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի անդամներէն՝ Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու, Կորիւն քհնյ. Էնէրճեան եւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան հրաժարած են յանձնախումբի անդամակցութենէն։

ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵՆԷՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐ

Կուսակալութեան պաշտօնատարներուն կողմէ, Փետրուար 7ին Պոլսոյ կուսակալութեան մօտ ժողովի հրաւիրուած են թաղային խորհուրդներու բազմաթիւ ատենապետներ, ինչպէս նաեւ գործիչներ ու բարերարներ Վազգէն Պարըն, Պետրոս Շիրինօղլու, Հայկ Ասլանեան, Արէտ Երկանեան, Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ուրիշներ։

Թէեւ հրաւիրողները յայտնած են, թէ չեն գիտեր ժողովին օրակարգը, սակայն դժուար չէ ենթադրել, որ հարցը կը վերաբերի պատրիարքական ընտրութեան տագնապին։ Այս ժողովին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու։

Previous Post

Բաբայեան. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Քննարկեն Հետաքննական Մեքանիզմներու Ներդրման Հարցը»

Next Post

Ֆրանսական Ջանքերուն Միջամտելու Պաքուի Փորձերը Ուղղակի Վրդովեցուցիչ Են. Ռոշպլուան

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.