ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու համար զանազան միջոցառումներ ծրագրուած էին Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց միութեան եւ «Կեցի՛ր ըսէ» շարժումին նախաձեռնութեամբ։
Մարդկային Իրաւանց միութիւնը 2005էն ի վեր նման ոգեկոչումներ կը կազմակերպէ Պոլսոյ մէջ։ Արտակարգ իրավիճակի դրութեան պայմաններուն տակ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ կ՛ոգեկոչուէին բիւր նահատակները։ Սակայն, առաջին անգամ ըլլալով՝ Մարդկային Իրաւանց միութեան ոգեկոչումը արգիլուեցաւ։ Աւելի՛ն, նոյն միութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչներէն Լեւենթ Եուրթսեւեր, Ժիան Թոսուն եւ Կամզէ Եաման, 24 Ապրիլի ոգեկոչման նպատակով ցուցապաստառներ կրելու պատճառաբանութեամբ կալանքի տակ առնուեցան եւ ձեռնակապերով տարուեցան ոստիկանատուն։ Դատախազութեան վկայութիւն տալէ ետք, թէեւ զանոնք ազատ արձակելու որոշում արձակուեցաւ, բայց անոնց ձեռնակապերը չհանուեցան։
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը արգիլուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, թէ կարդացուելիք յայտարարութեան մէջ 1915ի դէպքերը կը բնորոշուէին իբրեւ «ցեղասպանութիւն»։ Պոլսոյ կուսակալութիւնը պահանջեց այդ բառը վերացնել յայտարարութենէն, բայց եւրոպացի 16 երեսփոխաններ եւ Մարդկային Իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի անդամները մերժեցին այդ պահանջը ու ջնջեցին Սուլթանհամիտի հրապարակին վրայ կայանալիք ոգեկոչումը։ Որոշուեցաւ միջոցառումը կազմակերպել աւելի ուշ, Թաքսիմի մէջ, Մարդկային Իրաւանց միութեան գրասենեակէն ներս։
Այս զարգացման ու մարդկային իրաւանց երեք պաշտպաններու կալանաւորման մասին խօսեցաւ Եւրոպայի Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի նախագահ Պենիամին Էպթըն՝ շեշտելով, որ Թուրքիա ներկայիս շատ հեռու է անցեալին հետ առերեսուելու գործընթացէն։ «Թուրքիա պէտք է առերեսուի Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութեան հետ։ Այսպէս է միայն, որ նոր սերունդը կրնայ սպեղանի դնել անցեալի վէրքերուն վրայ», ըսաւ Էպթըն։
Ֆրանսացի երեսփոխան Միրելլա Քլափոթն ըսաւ, որ «ցեղասպանութեան» բառի արտասանութիւնը արգիլելը կ՛աւելցնէ խօսքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքի նիւթին շուրջ մտահոգութիւնները։
Եւրոպացի խորհրդարանականները դիտել տուին, որ տարիներէ ի վեր նոյն լօզունգները կ՛արձակեն եւ նոյն պաստառները կը կրեն. անոնք աւելցուցին, թէ ինչպէս այս տարի, անցեալ տարի եւս արտակարգ դրութեան իրավիճակ կար երկրէն ներս, բայց որեւէ արգելք չէր եղած այդ ժամանակ։ «Նոյնը ըրինք նաեւ այս տարի, բայց դէմ յանդիման մնացինք կուսակալութեան արգելքին հետ», ըսին խորհրդարանականները։
Անոնք պատմեցին նաեւ, թէ ինչպէ՛ս պատահած էր իրենց երեք ընկերներուն ձերբակալութիւնը։ Ոստիկանութիւնը պահանջած էր, որ «կարծեցեալ ցեղասպանութիւն» ըսուէր յայտարարութեան մէջ, բայց մարդկային իրաւանց պաշտպանները մերժած էին այդ պահանջը։ «Ոստիկանները հարցուցին՝ դուք հո՞ն էիք, երբ դէպքերը կը պատահէին, իսկ մեր ընկերներն ալ նոյնութեամբ փոխադարձեցին՝ հարց տալով, թէ ոստիկանները հո՞ն էին արդեօք։ Ատկէ ետք տեղի ունեցաւ ձերբակալութիւնը», շեշտեցին բանախօսները։
Երեկոյեան, այս անգամ՝ Իսթիքլալ պողոտային վրայ, յիշատակի ոգեկոչում մը կատարուեցաւ «Կեցի՛ր ըսէ» հասարակական շարժումին կազմակերպութեամբ։ Ինչպէս ամէն տեղ, հոս եւս ոստիկանները ազդարարեցին, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը պէտք չէ գործածել։ Հնչեցին սուգի մեղեդիներ։ Գետնի վրայ զետեղուած էին 24 Ապրիլին ձերբակալուած եւ նահատակուած մտաւորականներու լուսանկարները։ Հաւաքի մասնակիցները լուռ էին, բայց լռութիւնն ալ պատգամ ունէր իր մէջ, եւ նահատակներու հոգին էր, որ անձայն կ՛ողբար։
24 Ապրիլի նահատակները ոգեկոչելու ձեռնարկներուն ընթացքին հակացոյց ալ տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Իսթիքլալ պողոտային վրայ, Կալաթասարայի ուղղութեամբ, Ժողովուրդի Ազատագրութեան կուսակցութիւնը «Ցեղասպանութեան սուտը» կարգախօսին ներքեւ ցոյց մը կատարեց՝ «գերտէրութիւնները ցեղասպանութեան սուտը մէջտեղ քշելով կը փորձեն ժողովուրդները իրարու հետ թշնամացնել» վերտառութեամբ պաստառներ կրելով։ Մօտաւորապէս երկու տասնեակ ցուցարարներ հանդէս եկան այս յայտարարութեամբ ու մերժեցին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։
Ոգեկոչման միջոցառումներ կատարուած են նաեւ Անգարայի, Իզմիրի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Թրքական «Կազեթէտուվար» լրատուական կայքը յայտնած է, որ Իզմիրի մէջ ցուցարարներ հաւաքուած են տեղւոյն Ալսանճաք հրապարակը՝ «Այս ցաւը բոլորի՛սն է» գրութեամբ պաստառներով, իսկ Անգարայի մէջ կազմակերպուած է Ցեղասպանութեան նուիրուած սեմինար մը, ուր բանախօսած են շարք մը թուրք հասարակական գործիչներ ու մտաւորականներ: